Շատ դրական հանդիպում ունեցանք, մեր մտահոգութիւնները մանրամասնօրէն ներկայացուցինք, ԵՄ գրասենեակին մօտ ըսած է «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Յարութիւն Յարութիւնեան՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վասիլիս Մարակոսի հետ հանդիպումէն ետք։
«Բացի նրանից, որ նամակը յանձնեցինք, հնարաւորութիւն ունեցանք շատ մանրամասն քննարկում ունենալ բոլոր մեր մտահոգիչ հարցերի շուրջ։ Պարոն դեսպանը կատարեց բաւականին շատ նշումներ, խոստացաւ լուրջ ձեւով արձագանգել ստեղծուած իրավիճակին ու մեր մտահոգութիւններին։
Համապատասխան մոնիթորինգ կիրականացնեն մեր բարձրացրած հարցերի շուրջ, կ՚անեն իրենց ուսումնասիրութիւնն ու հնարաւորինս արագ հրապարակային արձագանգ կը ներկայացնեն մեր մտահոգութիւններին», մանրամասնած է Յարութիւն Յարութիւնեան։
Նշենք, որ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը Նոյեմբեր 11-ին բողոքի ցոյց կազմակերպած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան գրասենեակին առջեւ՝ «Արդարութիւն Արսէն Գէորգեանի համար» պահանջով։
Ցոյցին մասնակիցները եւրոպական կառոյցներէն ակնկալած են արձագանգ՝ «Նուպարաշէն» քրեակատարողական հիմնարկին մէջ Ստեփանաւանի համայնքապետի նախկին թեկնածու Արսէն Գէորգեանի մահուան դէպքին վերաբերեալ։ Անոնք կը պահանջեն նաեւ պատասխանատու պաշտօնեաներու հրաժարականները եւ նոյն քրէական գործով կալանաւորուած միւս ամբաստանեալներուն ազատ արձակումը։
Ազգային ժողովի Եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ եւ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Յարութիւն Յարութիւնեան յայտնած է, որ հաւաքը ուղղուած չէ ԵՄ դեսպան Վասիլիս Մարակոսի կամ պատուիրակութեան դէմ։
Անոր խօսքով՝ Մարակոս արդէն իսկ տեղեկացուած է դէպքին մասին, իսկ մանրամասնութիւնները եւրոպացի գործընկերներուն պիտի ներկայացուին նաեւ գրաւոր ձեւով։
«Անշուշտ, հրաժարականներ պէտք է ըլլան», ըսած է Յարութիւնեան՝ պատասխանելով պատասխանատու պաշտօնեաներու հրաժարականներուն վերաբերեալ լրագրողի մը հարցին։