image

Վրաստանը պատրաստակամ է նպաստելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան. կայացած է Փաշինեան-Քոպախիձէ հանդիպումը

Վրաստանը պատրաստակամ է նպաստելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան. կայացած է Փաշինեան-Քոպախիձէ հանդիպումը

Երեւանի մէջ կայացած է Վրաստանի եւ Հայաստանի վարչապետներու հանդիպումը: 

Քննարկուած են երկիրներու միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան հարցեր, տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը:

Քոպախիձէն անգամ մը եւս հաստատած է Վրաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ նպաստելու տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման։

Քոպախիձէն Փաշինեանը պաշտօնական այցով հրաւիրած է Վրաստան: