image

Դէպի Հայաստան ռուս զբօսաշրջիկներու թիւը կը շարունակէ աճիլ

Դէպի Հայաստան ռուս զբօսաշրջիկներու թիւը կը շարունակէ աճիլ

 

Ռուսիոյ քաղաքացիներու կողմէ դէպի Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւններու թիւը 2026-ի Յունուար-Սեպտեմբեր ժամանակահատուածին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ, աճած է 34,1 տոկոսով՝ հասնելով 383,3 հազարի։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս»ը՝ վկայակոչելով Ռուսիոյ Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ ծառայութեան տուեալները։

 

Հայաստանը ռուս զբօսաշրջիկներուն համար ամէնէն պահանջուած օտարերկրեայ ուղղութիւններու շարքին գրաւած է ութերորդ դիրքը։ Առաջին տասնեակին մէջ ընդգրկուած են նաեւ Թուրքիան, Չինաստանը, Եգիպտոսը, Աբխազիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Վիեթնամը, Թայլանտը, Վրաստանն ու Ուզպէքիստանը։

Ընդհանուր առմամբ, ինը ամիսներու ընթացքին ռուսաստանցիները զբօսաշրջութեան նպատակով 11,42 միլիոն անգամ մեկնած են արտասահման՝ 13,7 տոկոսով աւելի, քան 2025-ի նոյն ժամանակահատուածին, երբ արձանագրուած էր 10,04 միլիոն այցելութիւն։

Պահանջուած ուղղութիւններուն շարքին զբօսաշրջային հոսքի ամէնէն նշանակալի աճը արձանագրուած է Վիեթնամի մէջ։ Դէպի այդ երկիր այցելութիւններուն թիւը աճած է 3,8 անգամ՝ հասնելով 580 հազարի։ Չինաստանի պարագային ցուցանիշը աճած է 67 տոկոսով՝ հասնելով 1,61 միլիոնի, իսկ Եգիպտոսի պարագային՝ 30,9 տոկոսով՝ հասնելով 1,5 միլիոնի։

Ռուսիոյ զբօսաշրջային կազմակերպութիւններու ընկերակցութեան (АТОР) տուեալներով՝ դէպի Վիեթնամ այցելութիւններու թիւի աճը պայմանաւորուած է ուղիղ օդային փոխադրումներու ծրագիրներու ընդլայնումով եւ Չինաստանի մէջ տարանցիկ կանգառով թռիչքներու հասանելիութեան մեծացումով։ Իսկ Չինաստանի նկատմամբ հետաքրքրութեան աճին կը նպաստեն ռուսաստանցիներուն համար առանց մուտքի արտօնութեան դրութիւնը, երթուղային ցանցի ընդլայնումը եւ չինական օդանաւային ընկերութիւններու թռիչքներու յաճախականութեան բարձրացումը։

Միաժամանակ, դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ զբօսաշրջային հոսքը նուազած է 43,1 տոկոսով՝ կազմելով 646,3 հազար այցելութիւն։ АТОР-ի մէջ այս նուազումը կը կապեն Մերձաւոր Արեւելքի տագնապին եւ օդային հաղորդակցութեան դանդաղ վերականգնման հետ։

Դէպի Շրի Լանքա այցելութիւններու թիւը նուազած է 26,8 տոկոսով՝ հասնելով 39,5 հազարի։ Այս մէկը, ի շարս այլ պատճառներու, կը բացատրուի չարթըրային թռիչքներու ծրագիրներու կրճատումով եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու տարածքով իրականացուող մատչելի տարանցիկ թռիչքներու չեղարկումով։

Ընդհանուր առմամբ, Յունուար-Սեպտեմբեր ժամանակահատուածին ռուսաստանցիները բոլոր նպատակներով 25,38 միլիոն անգամ մեկնած են արտասահման՝ 5,9 տոկոսով աւելի, քան նախորդ տարի։

Մեկնումներու ընդհանուր թիւով եւս Հայաստանը ընդգրկուած է օտարերկրեայ ուղղութիւններու առաջին տասնեակին մէջ։ Ինը ամիսներու ընթացքին ռուսաստանցիները Հայաստան այցելած են 952 հազար անգամ, որ 18,1 տոկոսով աւելի է 2025-ի նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն։ Այս ցուցանիշով Հայաստանը գրաւած է եօթերորդ դիրքը։

Այսպիսով, դէպի Հայաստան զբօսաշրջային այցելութիւններու թիւի աճը գրեթէ կրկնակի գերազանցած է ռուսաստանցիներու կողմէ Հայաստան կատարուած այցելութիւններու ընդհանուր թիւի աճը՝ ներառեալ ոչ զբօսաշրջային նպատակներով ուղեւորութիւնները։