image

Նիկոսիա.Վարդգէս Մահտեսեանի հանդիպումը Կիպրոսի հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնացին հետ

Նիկոսիա.Վարդգէս Մահտեսեանի հանդիպումը Կիպրոսի հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնացին հետ

Կիպրահայ համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ Կիպրոսի ապագայ քաղաքական կարգաւորման գործընթացին մէջ անոր լիարժէք մասնակցութեան ապահովումը կարեւոր հարցեր էին ՄԱԿ-ի բանագնաց Մարիա Անխելա Հոլքի եւ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հանդիպման ընթացքին։ Հանդիպումին ընթացքին Մահտեսեան ներկայացուց համայնքին հիմնական պահանջներն ու մտահոգութիւնները՝ շեշտելով անոնց ամրագրումը ապագայ համապարփակ լուծման մը ծիրէն ներս։

Ուրբաթ, 6 Նոյեմբեր 2026-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարի Կիպրական հարցի անձնական բանագնաց Մարիա Անխելա Հոլկին հանդիպում մը ունեցաւ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին, Պրն. Մահտեսեան շեշտեց Կիպրահայ համայնքի իրաւունքներուն, ինքնութեան, կրօնական ազատութեան եւ շահերուն պաշտպանութեան կարեւորութիւնը՝ Կիպրոսի հիմնահարցին համապարփակ լուծման ուղղութեամբ տարուող շարունակական ջանքերուն ծիրէն ներս։

Մասնաւորաբար, Պրն. Մահտեսեան վեր առաւ Կիպրահայ Համայնքը Ազգային Փոքրամասնութիւն ճանչնալու հարցը (փոխանակ Կրօնական Խմակցութեան), համապատասխան Եւրոպական չափանիշներուն։ Ան նաեւ անդրադարձաւ կրօնական իրաւունքներու անարգել կիրարկումը ապահովելու անհրաժեշտութեան՝ Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, Ֆամակուստայի Կանչուոր եկեղեցւոյ եւ Հալեւկայի Սուրբ Մակար վանքին մէջ (Մակարավանք), առանց ամէն անգամ յատուկ արտօնութիւններ ձեռք ձգելու անհրաժեշտութեան կամ ուխտաւորներու, հոգեւորականներու եւ կրօնական առարկաներու փոխադրութեան նկատմամբ կամայական սահմանափակումներ պարտադրելու։ Միաժամանակ, ան ընդգծեց Հայկական եկեղեցիներէ եւ վանքերէ հեռացուած կրօնական մասունքներու, սրբապատկերներու եւ տապանաքարերու վերադարձման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ապագայ Դաշնակցային Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ Կիպրահայ Համայնքի արդար ներկայացուցչութիւնն ու իրական մասնակցութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը։

Աւելին, ան անդրադարձաւ համայնքին սեփականութեան իրաւունքներուն եւ պահանջներուն պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան, ներառեալ համայնքային կազմակերպութիւններուն եւ կրօնական հաստատութիւններուն պատկանող այն կալուածներուն, որոնք բռնագրաւուած, գրաւուած կամ գործածուած են։ Պրն. Մահտեսեան շեշտեց, որ համապատասխան վերադարձ կամ փոխհատուցում պէտք է նկատի առնուի համապարփակ լուծման մը հասնելու նպատակով տարուող բանակցութիւններուն ծիրէն ներս։ Վերջապէս, ան ընդգծեց 1960-ի Սահմանադրութեամբ նախատեսուած համայնքին սահմանադրական իրաւունքներուն եւ կարգավիճակին պահպանման ու երաշխաւորման կարեւորութիւնը, ներառեալ՝ Հայ համայնքի ներկայացուցիչին՝ Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու Տան մէջ սահմանադրութեամբ հաստատուած կարգավիճակն ու հանգամանքային դերը։