Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը չափազանց կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Այս մասին ըսած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն TRT World հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին:
Անոր խօսքով՝ վերջին 35 տարիներու ընթացքին Վրաստանը շատ կարեւոր դեր խաղացած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման առումով:
«Վրաստանը կը շարունակէ չափազանց կարեւոր դեր խաղալ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի համար»,-աւելցուցած է Քոպախիձէն: