Այսօր՝ ապրիլ 11-ին, մեկնարկած է Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովը (ADF 2025), որ պիտի շարունակուի մինչեւ ապրիլ 13-ը։ Համաժողովին կը մասնակցին նաեւ Հարաւային Կովկասի երեք պետութիւնները, որոնցմէ Ատրպէյճանն ու Վրաստանը ներկայացուած են պետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան մակարդակով, իսկ Հայաստանը՝ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով։
Ատրպէյճանը, համաձայն պաշտօնական տեղեկատւութեան, համաժողովին պիտի ներկայացնէ նախագահ Իլհամ Ալիեւը, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը եւ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը։ Վրաստանի պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն եւ արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոճորիշվիլին։
Հայաստանը համաժողովին ներկայացուած է արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի մակարդակով։ ԱԳՆ ղեկավարի մասնակցութեան մասին աւելի վաղ պաշտօնապէս հաղորդած էր ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։ Ըստ մասնակիցներու պաշտօնական ցանկի՝ դիւանագիտական համաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը։
Համաժողովի շրջածիրէն ներս նախատեսուած է առանձին քննարկում` նուիրուած Հարաւային Կովկասին: «Մարտահրաւէրներ եւ հնարաւորութիւններ տարածաշրջանային համագործակցութեան համար Հարաւային Կովկասի մէջ» խորագրով քննարկման որպէս բանախօսներ հանդէս պիտի գան Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները։
Այս ֆորումի բարձրաստիճան հիւրերէն մէկը պիտի ըլլայ նաեւ Սուրիոյ ժամանակաւոր նախագահ Ահմետ Շարըհը։
Համաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Թրքական դիւանագիտական աղբիւրը ԹԱՍՍ-ին յայտնած է, որ կը սպասուի, որ Լաւրովը բանակցութիւններ վարէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Հաքան Ֆիտանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովը կը կազմակերպէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հովանիի ներքոյ։ 2025 թուականի համաժողովի կարգախօսն է՝ «Դիւանագիտութեան վերադարձը բեւեռացուած աշխարհի մէջ», որ, ըստ կազմակերպիչներու, նպատակ ունի ուշադրութիւն հրաւիրել միջազգային յարաբերութիւններու մէջ դիւանագիտութեան դերի վերաիմաստաւորման՝ համաշխարհային բեւեռացման, ճգնաժամերու եւ կառուցային անհաւասարութիւններու լոյսին տակ։
Համաժողովին պիտի մասնակցեն տարբեր երկիրներու առաջնորդներ, քաղաքական գործիչներ, փորձագէտներ, ակադեմիական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, քաղաքացիական հասարակութեան եւ մետիայի դերակատարներ։ Պիտի քննարկուին խաղաղութեան պահպանման, հակամարտութիւններու կարգաւորման, դիւանագիտական նոր մեխանիզմներու ձեւաւորման եւ միջազգային համագործակցութեան ամրապնդման հարցեր։