image

Եռակողմ բանակցութիւնները կը շարունակուին Ապու Տապիի մէջ. Օրակարգին է տարածքային հարցերը

Եռակողմ բանակցութիւնները կը շարունակուին Ապու Տապիի մէջ. Օրակարգին է  տարածքային հարցերը

 

Ապու Տապիի մէջ այսօր շարունակուող՝ Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչներուն միջեւ եռակողմ բանակցութիւններուն երկրորդ օրը կրնան քննարկուիլ տարածքային հարցերը, ներառեալ՝ ապագայ սահմաններու ճշդման հարցը։ Այս մասին կը հաղորդէ Politico-ն՝ վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնեաներ։

Նոյեմբեր 10-ին կայացած բանակցութիւններուն առաջին օրը կողմերը քննարկած են անվտանգութեան երաշխիքներն ու ռազմագերիներու փոխանակումը։

Ամերիկացի պաշտօնեաներուն համաձայն՝ այս շաբթուան բանակցութիւններուն նպատակը վերջին շաբաթներուն արձանագրուած առաջընթացը պահպանելն է, եւ ոչ թէ զինադադարի վերջնական համաձայնութեան մհասնիլը։

Ուաշինկթըն կը կարծէ, որ տարածքային հարցերն ու Ուքրանիոյ եւ Եւրոպայի ապագայ անվտանգութեան երաշխիքները պէտք է քննարկուին զուգահեռաբար։

Աւելի վաղ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած էր, որ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու դիմաց պիտի չհամաձայնի Տոնպասէն ուքրանական զօրքերու դուրսբերման։