image

Ոգեւորող են սահմանազատման գործընթացի մեկնարկի մասին նորութիւնները. Թոյվօ Քլաար

Ոգեւորող են սահմանազատման գործընթացի մեկնարկի մասին նորութիւնները. Թոյվօ Քլաար

Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար X-ի իր էջին անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու հանդիպման` նշելով.

«Ոգեւորող են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու աշխատանքի եւ 1991 թ. Ալմա Աթայի համաձայնագրի ու իրաւաբանական փաստաթուղթերու հիման վրայ սահմանազատման գործընթացի մեկնարկի մասին նորութիւնները: ԵՄ-ն լիովին կ՚աջակցի Երեւանի եւ Պաքուի բանակցութիւններու գործընթացին՝ համապարփակ եւ տեւական կարգաւորման նպատակով»: