image

ԵՄ-ն կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ Նոր` «Խառնածին արագ արձագանգման խումբ» մը տեղակայել

ԵՄ-ն կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ Նոր` «Խառնածին արագ արձագանգման խումբ» մը տեղակայել

ԵՄ-ն կը ծրագրէ օգնել Հայաստանին Յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն Ռուսիոյ միջամտութենէն խուսափելու համար, նախ տեղակայելով Քրեմլինի ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարող «հիպրիտային (խառնածին) արագ արձագանգման խումբ», ապա հնարաւոր է՝ Հարաւային Կովկասի այս երկրին մէջ աւելի մշտական քաղաքացիական առաքելութիւն։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի տրամադրութեան տակ է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարին՝ Պրիւքսէլ հասցէագրուած նամակը, որով Արարատ Միրզոյեան Փետրուար 13-ին խնդրած է արագ արձագանգման խումբ ուղարկել Երեւան։ ԵՄ-ն նմանատիպ՝ մօտ 20 հոգինոց խումբ ուղարկած էր Քիշնեւ՝ անցեալ տարուայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ՝ աջակցելու Մոլտովայի իշխանութիւններուն ընկերաային ցանցերուն մէջ Ռուսաստանէն տարածուող ապատեղեկատուութեան վաղ յայտնաբերման եւ հակազդման գործին մէջ։

Ե՛ւ Պրիւքսէլը, ե՛ւ Քիշնեւը այդ նախագիծը յաջողած համարած են, եւ Եւրոմիութիւնը այժմ կը փափաքի նոյնը իրականացնել նաեւ Հայաստանի համար՝ կարեւորագոյն ընտրութիւններու շեմին, որոնց վրայ, ինչպէս կը սպասուի, Ռուսիա պիտի փորձէ ազդել։