Եւրոպական Միութիւնը եւ Թուրքիան կ'աշխուժացնեն աշխատանքները՝ աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին։ Այս մասին X-ին մէջ գրած է ԵՄ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպումէն յետոյ։
«Թուրքիան Հարաւային Կովկասի, Միջերկրածովեան եւ Սեւծովեան տարածաշրջաններու կայունութեան կարեւոր գործընկեր է»,- գրած է Քոս։
2 դեկտեմբերին, Պրիւքսելի մէջ Մարթա Քոս հանդիպած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։
Յանձնակատարը նոյն օրը հանդիպած էր նաեւ հայ լրագրողներուն հետ։ Այդ հանդիպման ժամանակ Քոս յայտնած էր, որ լաւատես է Հայաստանի եւ Ատրպյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան հաստատման հարցով։