Ատրպէյճանը Հայաստան պիտի մատակարարէ 4,500 թոն տիզելային վառելիք. յայտնած է Report ատրպէյճանական գործակալութիւնը։
Ըստ Report-ի տուեալներու՝ նշուած ծաւալի տիզելային վառելիքը Ատրպէյճանէն այսօր՝ փետրուար 25-ին, պիտի ուղարկուի երկաթուղիով։
Ատրպէյճանը նաւթամթերքներու մատակարարումները Հայաստան սկսած է անցեալ տարուան դեկտեմբերին։ Ատրպէյճանի Պետական վիճակագրական կոմիտէի տուեալներով՝ դեկտեմբերին մատակարարուած է 1 210,28 թոն Premium Euro-95 մակնիշի մեքենայի վառելանիւթ՝ 788,8 հազար ԱՄՆ տոլար ընդհանուր արժէքով։