ԵԱՀԿ քարտուղարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ Մինսքի գործընթացի աւարտի եւ ատոր առնչուող կառոյցներու փակման մասին:
«ԵԱՀԿ-ն 2025 թուականի նոյեմբեր 30-ին՝ ժամը 23:59-ին, աւարտեր է Մինսքի գործընթացի դադրեցումը եւ ատոր հետ կապուած կառոյցներու փակումը, համաձայն Նախարարներու խորհուրդի սեպտեմբեր 1-ի որոշման»,- յայտարարած է ԵԱՀԿ քարտուղարութիւնը:
Նշուած է, որ որոշումը կայացուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ԵԱՀԿ-ի մէջ Ֆինլանտայի նախագահութեան ուղղուած համատեղ դիմումի հիման վրայ:
«Անհրաժեշտ բոլոր վարչական ընթացակարգերու աւարտը կը նշանաւորէ փակման գործընթացի աւարտը։ Այս գործընթացով կեանքի կոչուեցաւ ԵԱՀԿ բոլոր 57 մասնակից պետութիւններու սեպտեմբեր 1-ի համաձայնային որոշումը՝ 2025 թուականի օգոստոս 8-ին Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներկայութեամբ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած պատմական համատեղ հռչակագրէն ետք»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։