Օրերս, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի անձնակազմը պաշտօնական այցելութիւն տուած են Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին։
Այդ մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի անձնակազմը պաշտօնական այցելութիւն տուին Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին։
Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի տնօրէնութիւնն ու աշխատակազմը ջերմ ընդունելութիւն ցուցաբերեցին Վերապատուելիին եւ ուղեկցող անձնակազմին։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկրին ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ հաստատութեան ընթացիկ գործունէութիւններն ու իրականացուող մարդասիրական ծրագիրները։
Այցելութեան աւարտին Վերապատուելի Համայնքապետը, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի անունով, խորհրդանշական յուշանուէր մը յանձնեց Ձեռնարկի տնօրէնութեան՝ բարձր գնահատելով տնօրէնուհի տիկին Լանա Պոյնարեանին, փոխտնօրէնուհի տիկին Մարիա Պօշկէզէնեանին եւ ամբողջ անձնակազմին նուիրեալ ու հետեւողական աշխատանքը՝ ի նպաստ հայ ժողովուրդին։


