Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ սպասուող բանակցութիւններէն առաջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարած է, որ հակամարտութենէն խուսափելու համար Միացեալ Նահանգներու հետ գործարքը մօտ է իրականացման, յայտնած է ALJAZEERA-ն:
Արաքչին նշած է, որ աննախադէպ համաձայնագիր կնքելու պատմական հնարաւորութիւնը կախուած պիտի ըլլայ անկէ, թէ արդեօք առաջնահերթութիւնը պիտի տրուի դիւանագիտութեան՝ հաւանաբար նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի շարունակական սպառնալիքները՝ Իրանի դէմ ռազմական ուժ կիրառելու վերաբերեալ։
Երեքշաբթի օր ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած յայտարարութեան մէջ Իրանի գլխաւոր դիւանագէտը աւելցուցած է, որ իր երկրի դիրքորոշումը կը մնայ յստակ. այն ոչ մի պարագայի երբեք պիտի չմշակէ միջուկային զէնք՝ միաժամանակ ճանչնալով Իրանի ժողովուրդի իրաւունքը՝ օգտուելու խաղաղ միջուկային արհեստագիտութիւններու բարիքներէն։
Յիշեցնենք, որ հինգշաբթ՝ 26 փետրուարին, Ժընեւի մէջ պիտի կայանայ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններու երրորդ փուլը, որոնք կ՚ընթանան Օմանի միջնորդութեամբ։ Օմանը յայտարարած է, որ յոյս ունի տեսնել դրական մղում՝ գործարքի վերջնականացման ուղղութեամբ լրացուցիչ ջանքեր գործադրելու համար։