Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է ամերիկահայ անուանի ազգային գործիչ Փօլ Իկնաթիւս։
Տխրունին իմացանք «Արեւելք»ին յղուած ՀԲԸՄ-ի հաղորդագրութիւնէն։
Ստորեւ հրապարակուած մահագրութիւնը՝
Փօլ Ր. Իկնաթիւսի կեանքը փայլուն օրինակ մը կը հանդիսանայ իր երկրին հանդէպ պարտականութեան գիտակցութեան, պատուի եւ ծառայութեան: Ան ապրեցաւ աւելի քան մէկ դար, հրաժեշտ տալով կեանքին իր 105-րդ տարեդարձէն շաբաթ մը առաջ:
Ծնած էր Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա, ներգաղթած հայ ծնողներէ: Որպէս յառաջատար գործարար, Իկնաթիւս իր կեանքը նուիրեց հանրային ծառայութեան, միշտ հպարտ իր ազգային ժառանգութեամբ, զորս բարձր պահեց միշտ:
Ան կարեւոր պաշտօններ վարեց Քէնէտիի եւ Ճանսընի վարչակազմերուն մէջ, ծառայելով որպէս Բանակի Օգնական Քարտուղար, ապա Փոխ-Քարտուղար, Պաշտպանութեան Օգնական Քարտուղար եւ Նաւատորմի Քարտուղար: Կառավարական իր ծառայութենէն ետք, Իկնաթիւս կարեւոր դերակատարութիւն ցուցաբերեց մասաւոր որլորտի մէջ՝ որպէս նախագահ Ուաշինկթըն Փոսթի, Նախագահ Օդանաւային Փոխադրութեան Ընկերակցութեան, հիմնելով նաեւ իր սեփական կառավարման խորհրդատուական ընկերութիւնը:
ՀԲԸՄ-ի հետ իր կապը խորապէս սերտ էր: Իր մեծ հայրը, Աւետիս Ժամկոչեան, հիմնադիրն էր Անգլիոյ Մանչէսթըր քաղաքի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղին: Հայ համայնքին եւ հայ մշակոյթին նկատմամբ հոգածու եւ համակրական վերաբերումը շարունակեցին մաս կազմել Իկնաթիւսի կեանքին: Իր ասպարէզային փայլուն յաջողութիւններուն եւ կեանքի ներշնչող օրինակին մասին յաւելեալ ծանօթութեան համար, կը թելադրենք կարդալ ՀԲԸՄ-ի Հանդէսի (AGBU Magazine) 2007-ի թիւին մէջ լոյս տեսած բացառիկ հարցազրոյցը իր հետ:
Փօլ Իկնաթիւսի կեանքը կը յատկանշուի ազնուութեան, ծառայասիրութեան իտէալներով եւ ամերիկահայ ինքնութեան մէջ խորապէս արմատացած անժամանցելի արժէքներով՝ որոնք կը դրսեւորուին ազգային աւանդներու նկատմամբ նախանձախնդրութեամբ եւ անձնական տաղանդը ի շահ իր մայրենի երկրին նուիրաբերելու պատրաստակամութեամբ: Ան անկասկած ներշնչող օրինակ մը կը հանդիսանայ յաջորդական սերունդներուն համար, որոնք կը ծրագրեն նուիրուիլ հանրային ծառայութեան:
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը սգայ ամերիկահայ իրականութեան այս պատկառելի դէմքին մեկնումը այս կեանքէն: