image

Վեհափառ Մասիս

Վեհափառ Մասիս

Որքա՜ն մեծ ես դուն, վեհափա՛ռ Մասիս,

Որ դեռ կը տոկաս պատմութեան խաղին,

Որքա՜ն կը սարսռաս մէջը բալ կեանքիդ,

Ապրելով՝ ճգնաժամ ջարդը հոգիիդ։

Այսօր կը յիշես ամեակը հարիւր,

Յորդահոս արեան սրտիդ ովկիանի։

 

Արդեօք հրդեհի կրծքիդ ծով լաւան

Ե՞րբ պոռթկայ պիտի ցաւըն իր հսկայ,

Իսկ արեւելեան սիրոյ աղաւնիդ

Ե՞րբ բերէ պիտի յոյսը գարունիդ,

Որ կայլակներուդ ամէն մէկ կաթիլ

Տայ ներուժ հուրի՝ թաքուն յուզմունքիդ։

 

Ո՜վ, դըրախտային լռելեայն Մասիս,

Որ կը պայքարիս դէմը աշխարհին,

Արտասուքըդ քեզ խեղդեր է արդէն,

Դար մը որբի սո՜ւրբ լացով աղեկէզ,

Եւ հարիւրամեայ ջարդը մեր ճերմակ՝

Տակաւին կ'այրէ հոգիդ անապակ։

 

Արդեօք ե՞րբ պիտի յայտնես Արարչին

Պահանջքը հայու պատուաբեր ու հին,

Որ ճակատագիրը քու հողիդ անբախտ

Իր վայրագութեամբ յանգի աւարտին,

Ու սիրտ ճանկռտող՝ թուրք ազգը ժանտախտ,

Դրախտի՛ անէծք ըստանայ սրտին։

 

ԿԱՅԼԱԿ

«Ոսկէ Օրէնքը» գիրքէն

 

 

 

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...