image
Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ

Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974-ին Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Գարակէօզեան, ապա Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարաններէն ներս (ֆանար)։ Առաջին բանաստեղծութիւնը գրած է 11 տարեկանին «Մեծ Եղեռն» խորագրով, որ տպուած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ եւ ան հպարտօրէն ասմունքած զայն մեծ բազմութեան առջեւ:

1989 Մարտին, պատերազմի վատթարացման պատճառաւ, հաստատուած է Գալիֆորնիա, ուր ճանչցած Թալինը՝ իր կեանքի սիրասուն ընկերը: 1998-ին, կազմած են իրենց սիրոյ բոյնը եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով, որոնց անուններն են՝ Նայիրի եւ Արի:

27 տարիներու ընթացքին, բազմիցս առաջարկուած է իրեն գրել բազմազան երգեր, յորդորներ, առածներ եւ ոտանաւորներ (հոգեւոր, ազգային, հայրենասիրական եւ սիրային), զորս սիրայօժար յանձն առած է, լաւագոյնը նուիրելով իր ազգին, վարժարաններուն եւ հայ երգի յայտնի արուեստագէտներուն: Ներկայիս ունի աւելի քան 140 բանաստեղծութիւններ:

2012-ին, բազմաթիւ պահանջքներ ստանալով որոշած է ազգին եւ մշակոյթին պատուաբեր փունջ մը քերթուածներ նուիրել, հրատարակելով իր անդրանիկ հատորը «ՍԷՐ ՈՒ ԿՐԱԿ» խորագրով, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ երբ Աստուած շնորհք տայ անձի մը, կ'ակնկալէ անկէ նաեւ որ այդ տաղանդը բեղմնաւորէ: «Սոյն հատորովս հայու համեստ տուրքս կը մատուցանեմ մեր գոյատեւման «Ադամանդեայ ապառաժ» Մեսրոպ Մաշտոցին»,- ըսած է ան:

2015-ին հրատարակած է իր երկրորդ հատորը «Ոսկէ Օրէնքը» խորագրով, որ կ'ընդգրկէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած քերթուածներու փունջ մը:

 

 

Յատկանշկան է, որ հեղինակը իր առաջին հատորին մէջ բանաստեղծութեամբ մը ներկայացուցած է, թէ Կայլակ գրչանունով մկրտած է զինք իր դուստրը Նայիրին: 

«Գտա՛յ հայր իմ, եւ արդարեւ, գտայ անունըդ գրչական», 

Ըսաւ Նայիրիս առջինեկ, հազիւ տասներկու տարեկան, 

«Դուն Կայլակ ես, հոսուն կաթիլ», յարեց՝ աչքերով ջրափայլ։

 


  • 16/11/2025

Ջարդը մեր ճերմակ

Ցաւում եմ այս օր, եւըս մի անգամ, Մեր հայրենիքի սեւ...
  • 08/11/2025

Լեցո՛ւր

Լեցո՛ւր, որ հարբենամ, Լեցուր որ դեռ ողբամ, Լեցուր...
  • 03/11/2025

Հողս՝ Վիրապի

Սիրտը իմ տրտում, խորն է վիրաւո՜ր, Կարօտ՝ իր ափ մը...
  • 27/10/2025

Լուռ բարեկամիս

Ափսո՜ս, որ ուշ ծանօթացայ Քեզի՝ պահակ, լուռ բարեկա...
  • 17/10/2025

Կոմիտաս Վարդապետին

Դուն քաղցրանուն երաժիշտ, Մեսրոպաշունչ վարդապետ, Ք...
  • 10/10/2025

Ոսկէ օրէնքը

Հի՜ն օրերըս, կը դողդըղան Իմ գրչի հետ, նուրբ ու բա...
  • 27/09/2025

Համբոյր

Ոչ ոք կ'ըսէ, ցաւերըդ տուր երէկուան, Ոչ ալ սրտով կ...
  • 19/09/2025

Գոյութիւնս

Հո՜ն, դար մը առաջ, գոյութիւն ունէի... Հազար ինն...
  • 14/09/2025

Կանթեղս Հայ

Կանթեղըս հայ, ոսկեղէն, Յորդուն՝ Սուրիոյ արցունքով...
1 2 3 4 5 6 7 8