Հակափտածութեան դատարանը մերժած է տնտեսութեան նախկին նախարար Վահան Քերոբեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը: Այս մասին Քերոբեանը յայտնած է իր դիմատետրեան էջին:
«Ինձ հետ ամէն ինչ լաւ է, հակակոռուպցիոն դատարանը մերժեց ոչ միայն ինձ, այլեւ հինգ տարի քննուող եւ աւելի քան տաս տարուայ վաղեմութեան դէպքերին վերաբերող գործով անցնող կարծես թէ միւս բոլոր մէկ տասնեակից աւելի մեղադրեալներին կալանաւորելու միջնորդութիւնները։
Բնականաբար, մեղադրանքը չեմ ընդունում»,- գրած է Քերոբեանը։
Երէկ՝ նոյեմբեր 7-ին, Վահան Քերոբեանը ձերբակալուած էր: Քննչական կոմիտէն միջնորդած էր՝ կալանաւորել անոր: Անոր կը մեղադրէին խարդախութեամբ առանձնապէս խոշոր չափերով գումարներ յափշտակելու եւ փողերու լուացում կատարելու մէջ: