Հայաստանի ճատրակի ֆետերացիայի փոխնախագահ, Մանկավարժական համալսարանի գիտական խորհուրդի անդամ եւ դասախօս Սմբատ Լպուտեանն ազատ արձակուած է, անոր նկատմամբ կիրառուած է չբացակայելու արգելք խափանման միջոցը։
Այդ մասին յայտնած է փաստաբան Ռուբէն Մելիքեանը։
Մելիքեանը պարզաբանած է, որ Սմբատ Լպուտեանին մեղադրանք առաջադրուած է երկու յօդուածով՝ խարդախութեան օժանդակելը եւ պաշտօնական կեղծիքը։
«Ես յստակ նշեմ, որ խօսքը Մանկավարժական համալսարանում գործող շախմատի դասաւանդումը հետազօտող կեդրոնի գործունէութեան մասին է։ Այս պատմութիւնը որեւէ կապ չունի Սմբատ Լպուտեանի գործունէութեան միւս ուղղութիւնների՝ Շախմատի ֆեդերացիայում, Շախմատի ակադեմիայում նրա աշխատանքների կամ Մանկավարժական համալսարանում ամբիոնի վարիչ լինելու հետ»,-ըսած է Մելիքեանը։
Փաստաբանը մանրամասնած է, որ Հակափտածութեան կոմիտէէն ներս քննչական գործողութիւններու ժամանակ յստակ յայտարարած է, որ դիտաւորութեամբ որեւէ գործողութիւն չէ իրականացուած։
Մելիքեան ըսած է, որ Սմբատ Լպուտեանը կը ղեկավարէ Մանկավարժական համալսարանին մէջ գործող ճատրակի դասաւանդման հետազօտող կեդրոնը, ունի 2 տասնեակէ աւելի աշխատակիցներ, որոնցմէ մէկու գործունէութեան հետ կապուած կրնան հարցեր ըլլալ։
«Ես այս պահին պատճառ չունեմ նախաքննական մարմնի գործողութիւններն այս պահին ոչ իրաւաչափ որակելու։ Յատուկ ուզում եմ նշել, որ մենք թաքցնելու որեւէ բան չունենք, բայց նախաքննական գաղտնիքով կաշկանդուած եմ։ Յուսով ենք, որ նախաքննութիւնը արագ կը վերջանայ, յոյսով ենք, որ արդիւնքը կը լինի այն, որ Սմբատ Լպուտեանի գործողութիւններին կը տրուի ճիշդ գնահատական եւ նրա արդար լինելը կը հաստատուի»,- ընդգծած է Ռուբէն Մելիքեանը։
Աւելի վաղ Հակափտածութեան կոմիտէն յայտնած էր, որ քննուող քրէական վաոյյթի շրջածիրէն ներս ձերբակալուած են Մանկավարժական համալսարանի փոխռեկտորն ու խումբ մը այլ աշխատակիցներ։