image

Քիեւի մէջ հրթիռային հարուածներէն 3 մարդ զոհուած է, Մոսկուայի ուղղութեամբ արձակուած է 490 ԱԹՍ

Քիեւի մէջ հրթիռային հարուածներէն 3 մարդ զոհուած է, Մոսկուայի ուղղութեամբ արձակուած է 490 ԱԹՍ

Ռուսական ուժերը գիշերուան ընթացքին պալիսթիք հրթիռներու քանի մը ալիքով հարուածած են Քիեւը։ Քաղաքային իշխանութիւնները յայտնած են երեք զոհի եւ 20-էն աւելի վիրաւորներու մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը։

Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքոյի համաձայն՝ զանգուածային հարուածի ընթացքին թիրախաւորուած են ուժանիւթային ենթակառոյցները, իսկ մայրաքաղաքին մէջ ելեկտրամատակարարման խափանումներ արձանագրուած են։

 

Իր կարգին, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտնած է, որ դաշնակիցները դարձեալ նախապէս չեն զգուշացուցած յարձակման մասին։ Հոկտեմբեր 13-ին ան յայտարարած էր նաեւ, որ Ուքրանիան դաշնակիցներէն հետախուզական տեղեկութիւններ չէ ստացած Քիեւը հարուածած հինգ պալիսթիք հրթիռներու արձակման մասին։

Նոյն օրը աւելի ուշ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներուն հետ հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը կը շարունակուի։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նոյնպէս Հոկտեմբեր 13-ին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ հետախուզական տեղեկութիւններ փոխանցել Ուքրանիոյ։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, իր հերթին, յայտարարած է, որ հրթիռային հարուածներ հասցուցած է Քիեւին, Քիեւի եւ Խարքովի մարզերուն մէջ գտնուող հաղորդակցութեան եւ ուժանիւթի ենթակառոյցներուն։

Բացի այդ, ըստ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ գիշերուան ընթացքին երկրի տարածքին վրայ խոցուած է 902 անօդաչու թռչող սարք։ Սա ռուս-ուքրանական հակամարտութեան ընթացքին Քիեւի կողմէ կատարուած մեծագոյն յարձակումներէն մէկն է։

Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սոպեանին յայտարարած է, որ Հոկտեմբեր 13-ի երեկոյէն մինչեւ Հոկտեմբեր 14-ի առաւօտեան ժամը 7։00-ը, Մոսկուայի մարզի ուղղութեամբ արձակուած է 493 անօդաչու թռչող սարք։ Անոնց մեծ մասը մարզին մէջ չէզոքացուած է հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ, իսկ 180-ը՝ Մոսկուային մօտենալու ընթացքին։

Մինչ այդ, «Ինթըրֆաքս» գործակալութեան համաձայն՝ Սարաթովի մարզին մէջ ուքրանական անօդաչու սարքերու հարուածներուն հետեւանքով վնասուած են բնակելի տուներ, իսկ մէկ անձ զոհուած է։