Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Թագուհի Թովմասեանը դիմած է ՀՀ վարչական դատարան` պահանջելով վերականգնել իր լիազօրութիւնները ՀՀ Ազգային Ժողովի մարդու իրաւունքներու եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին։ Այս մասին ան յայտարարած է Ազգային Ժողովէն ներս հրաւիրած ասուլիսի ժամանակ։
Պատգամաւորը վստահ է, որ գործընթացը ծայրէ ծայր տեղի ունեցած է ապօրինաբար, քանի որ ան զրկուած եղած է լսուած ըլլալու իրաւունքէն։
«Ես ունեցել եմ անաշխատունակութեան թերթիկ, որը նախապէս ներկայացրել եմ Ազգային Ժողովի նախագահին` ակնկալելով, որ ինձ վերաբերելիք հարցի քննութիւնը կը յետաձգուի, բայց նրանք իմ դիմումը անպատասխան են թողել ու առանց իմ ներկայութեան քննարկել եւ քուէարկել են ինձ լիազօրութիւններից զրկելու հարցը»,–ըսած է ան։
Եթէ դատարանը չբաւարարէ պատգամաւորի պահանջը ան կը պատրաստուի դիմել նաեւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան` ցանկալի արդիւնքին հասնելու համար։