image

ՀՄԸՄ-ի 900 դրօշակիրները՝ Երեւանի փողոցներուն , իսկ Հայաստանը լրատուական դաշտը «քար լռութիւն»

ՀՄԸՄ-ի 900 դրօշակիրները՝ Երեւանի փողոցներուն , իսկ Հայաստանը լրատուական դաշտը «քար լռութիւն»

Երբ Սփիւռքի չորս կողմերէն շուրջ 900 հայ երիտասարդներ կը համախմբուին Հայաստանի մէջ՝ ՀՄԸՄ-ի դրօշին տակ, երբ Երեւանի փողոցները կը լեցուին անոնց խրոխտ քայլերով, եւ երբ այդ բանակումը կը վերածուի համահայկական մեծ իրադարձութեան, բնական է սպասել, որ այդ պահը   արձագանգը երեւի  Հայաստանի լրատուական դաշտին մէ։ Սակայն 13-րդ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին եւ Երեւանի տպաւորիչ տողանցքին յաջորդած լռութիւնը հարցումներ կը յառաջացնէ՝ յատկապէս այն իրողութեան դիմաց, որ ՀՄԸՄ-ի համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչ թէ պարզապէս հիւրընկալ երկիր է, այլ գերագոյն իտէալը։

Այս բոլորի մասին ուշագրաւ գրառում մը կատարած է Լիբանանահայ օգտատէր՝ Սագօ Գասապեան։

Ստորեւ այդ գրառումը՝


Չորս տարին անգամ մը տեղի կ՚ունենայ համա-ՀՄԸՄ-ական սկաուտական բանակումը, որ իր ձեւին մէջ իւրայատուկ է, տրուած ըլլալով որ ի մի կը բերէ Սփիւռքի չորս կողմերէն հայ երիտասարդները, որոնք, իրերայաջորդ սերունդներով ՀՄԸՄ-ի դպրոցին մէջ սորված են ըլլալ տիպար հայ, եւ հեռաւոր ցուրտ թէ տաք օտար ափերուն մէջ ապրելով իբր այդպիսին, Հայաստանը ունեցած են իրենց գերագոյն իտէալը։

Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներուն առաջինը տեղի ունեցած է 1978-ին՝ Յունաստան, երկրորդը՝ 1980-ին Ֆրանսա, երրորդը 1986-ին Անգլիա, չորրորդը՝ 1990-ին Յունաստան, իսկ 1991-էն ետք՝ բնական կարգով, Բանակումը՝ «Ճամպորի»ն տեղի կ՚ունենայ բոլորին երազած Անկախ Հայաստանի մէջ։ 1994-ին, 1998-ին, 2002-ին, 2006-ին, 2010-ին, 2014-ին, 2018-ին, 2023-ին, եւ վերջինը՝ 13-րդը տեղի ունեցաւ անցեալ ամիս (24 Յուլիսէն 2 Օգոստոս, որուն մասնակցեցան շուրջ 900 տարազաւորներ եւ անձնակազմ, կարգախօս ունենալով «Արարատի համար՝ կանքուն»։

25 Յուլիս 2026-ին, 900 տարազաւորները՝ ՀՄԸՄ-ի Կամաւոր Բանակը, իբր աւանդութիւն, տողանցեց Երեւանի մէջ Մատենադարանէն մինչեւ Ազատութեան հրապարակ։ Հազարաւոր քաղաքացիներ եւ զբօսաշրջիկներ ականատես եղան տողանցողներուն. բազմութիւնը ճամբուն երկայնքին հիացած կը դիտէր Սփիւռքի 23 երկիրներէ եկած տղոց եւ աղջիկներուն խռոխտ քայլերը, առաջնորդութեամբ շեփորախումբին փողերուն ու թմբուկներուն. բոլորը կը քալէին Հայաստանի Եռագոյնին, Արցախի Եռագոյնին եւ ՀՄԸՄ-ի պանծալի դրօշները կրողներուն ետին։

Տասներեքերորդ Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին ընթացքին տեղի ունեցաւ ակներեւ եւս մէկ գործողութիւն.- Համաշխարհային «Կինըս» մրցանիշի հաստատում՝ բանակողներու ընդհանուր հաւաքով Աշխարհի անենամեծ սկաուտական շուշանածաղիկի կերպարի կազմութեամբ։ 

Այս բոլորէն՝ միջազգային մրցանիշի հաստատումէն, տողանցքէն, բանակումի աւարտէն՝ այս մեծ իրադարձութենէն անցաւ գրեթէ մէկ շաբաթ։ Մենք՝ ի Սփիւռս աշխարհի այս բոլորին օրը օրին հետեւեցանք ՀՄԸՄ-ի եւ անոր ընտանիքի անդամ միւս լրատուամիջոցներու ընկերային ցանցերու սփռումներու եւ գրառումներու ընդմէջէն. այո, անցաւ շաբա՛թ մը, եւ ցաւօք, ցայսօր հայաստանեան ո՛չ մէկ լրատուամիջոց՝ պետական թէ մասնաւոր (անհատական), ո՛չ մէկ ընկերային ցանցի էջ, ալիք, ո՛չ մէկ լրատուամիջոց, առաջին ալիքէն մինչեւ վերջին ալիքը՝ ո՛չ արեւմտահայերէնով լուրերու ընդմէջէն ոչ ալ առաւօտեան հեզաճկուն ներկայացումներու ընդմէջէն ո՛չ մէկ լուր տուաւ վերը նշածներուս մասին։ 

Գաղտնիք ըսած պիտի չըլլամ երբ ըսեմ որ ՀՄԸՄ-ը ուղեկից միութիւններէն մէկն է ՀՅ Դաշնակցութեան։ Գաղտնիք ալ չէ ուրեմն, թէ ինչո՛ւ այս լրատուական լռութիւնը, ես կ՚ըսէի ապա՛տեղեկատուութիւնը կը կիրառուի պետակա՛ն մակարդակով՝ այսքան կարեւոր իրադարձութիւն մը «պահելով» կամ «անտեսելով»։ 

Այսօրուան պէս կը յիշեմ այն տողանցքը, որուն հպարտօրէն ընկերներուս հետ մասնակցեցայ 1994-ին կայացած հինգերորդ բանակումի ընթացքին, կը յիշեմ խոր յուզմունքի պատճառած բոլորին թաց աչքերը Շեփորախումբին թնդացուցած «Յառաջ Նահատակ»-ին ներքոյ երբ Հանրապետութեան հրապարակին ասֆալթը կը ցնցէինք, կը յիշեմ, ա՛յո, այսօրուա՛ն պէս կը յիշեմ, եւ ձեզի կը յիշեցնեմ 1994 թուականը, երբ օրուան իշխող խումբը՝ իշխանութիւնը արգիլած էր ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ։ Այդ օրերու թէժ մթնոլորտով հանդերձ, օրուայ մամուլը անդրադարձած էր բանակումին ալ, տողանցքին ալ։

Գաղտնիք չէ ուրեմն, որ իշխանութիւնները, իրենց բոլոր լծակներով՝ տեղեկատուական եւ ապատեղեկատուական, գնայո՛ւն են։ 1994-ի իշխանութիւնը իր խումբով այսօր չկայ. այսօր կայ բարձրացող եւ բարձրացնող ՀՄԸՄ-ը որուն համար... ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ։