image

Իրանի հարցով ներկայացուցիչներու Պալատը Թրամփի լիազօրութիւնները սահմանափակելու բանաձեւ ներկայացուց

Իրանի հարցով ներկայացուցիչներու Պալատը Թրամփի լիազօրութիւնները սահմանափակելու բանաձեւ ներկայացուց

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան օրէնսդիրները յունիս 3-ին աջակցած են այն բանաձեւին, որուն նպատակն է պարտադրել ամերիկացի նախագահ Տանըլտ Թրամփին դադրեցնել Իրանի դէմ հարուածները։ Այդ մասին կը գրէ The Hill պարբերականը։

Բանաձեւին կողմ քուէարկած է 215 քոնկրէսական, մինչդեռ 208-ը դէմ արտայայտուած է։

Չորս հանրապետականներ՝ Թոմըս Մեսի, Պրայըն Ֆիցփաթրիք, Թոմ Պարեթ եւ Ուորըն Տէյվիտսըն, միացած են դեմոկրատներուն՝ աջակցելով բանաձեւին։

The Hill-ը կը նշէ, որ այս քուէարկութիւնը նշանակալի առաջխաղացում է Իրանի հետ հակամարտութեան շուրջ քաղաքական պայքարին մէջ։

«Ասիկա շատ կարեւոր է։ Մենք կը մօտենանք այն կէտին, երբ Քոնկրէսի երկու պալատներն ալ այս պատերազմը պիտի յայտարարեն անօրինական։ Անոր (Թրամփի) կատարածը աւելի ու աւելի անընդունելի կը դառնայ»,– պարբերականին ըսած է Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճարետ Հաֆմըն։

Յունիս 3-ի քուէարկութիւնը դարձած է չորրորդ դէպքը, երբ օրէնսդիրները կը փորձեցեն սահմանափակել Թրամփի լիազօրութիւնները Իրանի նկատմամբ։

Բանաձեւը այժմ պէտք է ներկայացուի Ծերակոյտի քննարկման։