Ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերը հարուածած են Ռուսիոյ Պաշքորթոսթանի մայրաքաղաք Ուֆայի մէջ գտնուող «Պաշնիեֆթ-Ուֆանիեֆթեխիմ» նաւթավերամշակման գործարանը։
Պաշքորթոսթանի ղեկավար Ռատի Խապիրովի խօսքով՝ Ուֆայի ուղղութեամբ իրականացուած անօդաչու թռչող սարքի յարձակումը ետ մղուած է։ Անոր համաձայն՝ խոցուած ԱԹՍ-ի բեկորներու իյնալուն հետեւանքով արդիւնաբերական գօտիին մէջ ծուխ բարձրացած է։ «Բոլոր արտակարգ ծառայութիւնները տեղւոյն վրայ են եւ կը զբաղին հետեւանքներու վերացման աշխատանքներով։ Զոհեր եւ վիրաւորներ չկան»,– նշած է ան՝ չճշդելով, թէ ո՛ր կառոյցը վնասուած է։
Հասարակական ցանցերու եւ Telegram-ի ալիքներու մէջ տարածուած լուսանկարներուն մէջ կ՚երեւան «Պաշնիեֆթ-Ուֆանիեֆթեխիմ» գործարանի տարածքէն բարձրացող սեւ ծուխի ամպերը։
«Պաշնիեֆթ-Ուֆանիեֆթեխիմ»-ը, ինչպէս նաեւ անոր կից գտնուող «Պաշնիեֆթ-Նովոյլ» եւ «Պաշնիեֆթ-ՈՒՆՓԶ» գործարանները կը կազմեն Ուֆայի նաւթավերամշակման համալիրը, որուն տարեկան վերամշակման կարողութիւնը շուրջ 23,5 միլիոն թոն է։ Ան կը նկատուի Ռուսիոյ ամէնէն խոշոր նաւթավերամշակման համալիրներէն մէկը։