image

Նահապետ Ղարիպեանի մահը․ Ս.Դ.Հ.Կ.-ն կը գուժէ իր վաստակաշատ անդամին կորուստը

Նահապետ Ղարիպեանի մահը․ Ս.Դ.Հ.Կ.-ն կը գուժէ   իր վաստակաշատ    անդամին   կորուստը

Այս  տխուր առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն, բարեկամներուն եւ կուսակցական ընկերներուն, եւ ի մասնաւորի՝ հայ մամուլի նուիրեալ ու աշխատունակ գործիչ, ինչպէս նաեւ կուսակցական բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած Տիար Սահակ Ղարիպեանին։

Լիբանանի Ս.Դ.Հ.Կ. ընտանիքը կորսնցուցած է  երկար տարիներու նուիրեալ ու վաստակաշատ  իր անդամներէն՝ Նահապետ Ղարիպեանը։ Ան իր գործունէութեամբ ու ներկայութեամբ կարեւոր տեղ ունեցած է համայնքային եւ կուսակցական կեանքին մէջ, իսկ իր ընտանեկան միջավայրին մէջ նոյն արժէքներն ու ազգային ոգին փոխանցած է իր զաւակներուն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինի հրապարակած մահազդը։

ԳՈՅԺ

Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմինը խոր ցաւով կը գուժէ երկար տարիներու Վարիչ Մարմինի նախկին անդամ, Ս.Դ.Հ.Կ. «Սապահ Գիւլ» Մասնաճիւղի երկար տարիներու վարչութեան նախկին Ատենապետ, հաւատաւոր կուսակցական եւ նուիրեալ գաղափարական ընկերներէն ՆԱՀԱՊԵՏ ՂԱՐԻՊԵԱՆԻ մահը։

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, յարգելի՛ ընկեր։

 

Այս  տխուր առթիւ   մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն, բարեկամներուն եւ կուսակցական ընկերներուն, եւ ի մասնաւորի՝ հայ մամուլի նուիրեալ ու աշխատունակ գործիչ, ինչպէս նաեւ կուսակցական բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած Տիար Սահակ Ղարիպեանին։