image

Մարդասիրութեան ու բարութեան հետք ձգած կեանք մը. Մահացած է Լենա Գարայեան- Րագուպեանը

Մարդասիրութեան ու բարութեան հետք ձգած կեանք մը. Մահացած է Լենա  Գարայեան- Րագուպեանը

Կեանքի մէջ կան գոյժեր, որոնք բառերով դժուար է ընդունիլ։ Կան մարդիկ, որոնց ներկայութիւնը այնքան բնական ու լուսաւոր է, որ անոնց բացակայութիւնը կը վերածուի խոր դատարկութեան։ Երբ բարի, ազնիւ ու մարդասէր անհատ մը կը հեռանայ, անոր կորուստը միայն ընտանիքինը չէ, այլ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք առիթ ունեցած են ճանչնալու, արժեւորելու եւ վայելելու անոր մարդկային ջերմութիւնն ու նուիրումը։ Այսպիսի պահերուն կը մնայ միայն երախտագիտութեամբ յիշել անոր ապրած կեանքը, գործն ու բարի հետքը, զոր ձգած է իր շրջապատին մէջ։ Վստահաբար այդպիսի անձնաւորութիւն է Լենա  Գարայեան-Րագուպեանը, որ օրերս Պէյրութի մէջ կնքեց իր  մահկանացուն։

 

 Ստորեւ   հանգուցեալի   մահազդը՝ 

 

 

Տիար Սամ Րագուպեան

Տիար Մարք Րագուպեան

Տիկին Աղաւնի Թիթիզեան

Տիկին Հուրի Քէչէճեան 

Տիար Սերոբ Գարայեան

Տիար Պետրոս Գարայեան

Տէր եւ տիկին Էտի Րագուպեան եւ ընտանիք 

Տէր եւ տիկին Փոլ Րագուպեան եւ ընտանիք 

Եւ համայն` Րագուպեան, Քէչէճեան, Թիթիզեան, Գարայեան, Ճապուր ընտանիքներ եւ ազգականներ սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն իրենց տիկնոջ, մօր, դուստրին, քրոջ եւ հարազատին`

ԼԵՆԱ ԳԱՐԱՅԵԱՆ-ՐԱԳՈՒՊԵԱՆի

(Ծն. 1965-2026)

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 28 յուլիս, 2026-ին։

Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի հինգշաբթի, ժամը 4ին։ (Ցաւակցութիւններ պաշտամունքէն ետք), 30 յուլիս, 2026-ին, Էշրէֆիէի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Հայ Աւետարանական գերեզմանատունը (Թիրօ)։

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։

Ցաւակցութիւնները կ'ընդունուին թաղման պաշտամունքէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 31 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, նոյն վայրին մէջ 

 

Այս առթիւ մեր խորազգաց   ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ  մասնաւորապէս  Լիբանանահայ ազգային կեանքի  ազնուական անուններէն՝  Տիար Սեմ Րագուպեանին։