Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք
Ճարապլուսի վերջին հայը՝ Խայաթ Արթինը (Արթին Ադամեան)
Խոնարհ հերոս մը, որ չլքեց իր հողը
‼️‼️‼️🇸🇾🇦🇲🇦🇲🇦🇲 Տարի մը առաջ, ճիշդ այս օրերուն, Ճարապլուսը հրաժեշտ տուաւ իր վերջին հայ զաւակին՝ «Դերձակ Արթին»ին։ Այս գրութիւնը կը ձօնեմ անոր եւ անոր նման բոլոր մոռցուած հայերուն յիշատակին։
Տարի մը առաջ Սուրիոյ մասին լուրեր տարածող բազմաթիւ ցանցային էջեր իրարու հերթ չտալով գրեցին Ճարապլուսի «հայկական հետք»ին վերջին կենդանի վկաներէն մէկուն՝ Խայաթ Արթինի մասին։ Ան, որ արաբական միջավայրին մէջ սիրով կը կոչուէր «Խայաթ Արթին»՝ Դերձակ Արթին, օրերս, 88 տարեկան հասակին, կնքեց իր մահկանացուն։
Արթինը բնիկ Ճարապլուսցի էր։ Իր ամբողջ կեանքը կապեց այդ փոքրիկ քաղաքին, եւ հակառակ անթիւ առիթներու, յորդորներու ու առաջարկներու՝ երբեք չընդունեց լքել իր ծննդավայրը։ Մնաց այնտեղ մինչեւ իր վերջին շունչը։
«Մնաց» բառը այստեղ սովորական մնալ չէ։ Անիկա դիմադրութիւն էր։
Յատկապէս Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Ճարապլուսը վերածուեցաւ դժոխքի։ Քաղաքը ձեռքէ ձեռք անցաւ, բնակիչները ցրուեցան, տուները աւերուեցան, իսկ կեանքը դարձաւ անորոշութեան ու վախի անվերջ պատմութիւն։
Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ դժուարութիւններու ընդմէջէն անցաւ Պարոն Արթինը։ Բայց վստահ եմ, որ ան երբեք չհրաժարեցաւ իր տան բանալիէն, իր բակէն, իր պատուհանէն, իր յիշողութիւններէն։
Արաբական աշխարհը հայուն հանդէպ միշտ ունեցած է յատուկ վերաբերում։ Շատ անգամ հայը կը կոչեն «Պարոն» կամ «Մուալլէմ», որովհետեւ հայը իրենց պատկերացումին մէջ արհեստի, վստահութեան եւ ազնիւ աշխատանքի խորհրդանիշն է։ Արթինն ալ այդ հայերէն էր։
Եփրատի ափին գտնուող այդ փոքրիկ տունը միայն բնակարան մը չէր։ Անոր հայեացքը միշտ ուղղուած էր դէպի միւս ափը՝ Պիրէճիկը, այն քաղաքը, ուրկէ սկսած էր Ճարապլուսի հայութեան պատմութիւնը։ Կը կարծեմ, թէ ան մինչեւ իր վերջին օրը ապրեցաւ այդ անտեսանելի կամուրջին վրայ՝ մէկ կողմը ներկան, միւս կողմը՝ յիշողութիւնը։
Այս պատմութեան մէջ միայն հողին հանդէպ կարօտը չէ, որ կ'ուզեմ ընդգծել։
Կարեւորը հողը չլքելու որոշումն է։
Ամէնէն խոր հայրենասիրութիւնը երբեմն ճառերով չէ, այլ լուռ համբերութեամբ։ Երբ մարդ մը կը մնայ իր հողին վրայ, նոյնիսկ երբ այլեւս դպրոց չկայ, եկեղեցի չկայ, ազգային կեդրոն չկայ, համայնք չկայ։
Ժամանակ մը Ճարապլուսը հայկական կեանք ունէր։ Ունէր ընտանիքներ, եկեղեցի, դպրոց, ազգային շունչ։
Ապա եկան նօսրացման տարիները։
Տուները փակուեցան։
Ընտանիքները հեռացան։
Ի վերջոյ, ութսունականներուն, քաղաքի հայկական վերջին վկայարանն ալ՝ Հայ Առաքելական եկեղեցին, վաճառուեցաւ եւ մզկիթի վերածուեցաւ։
Այս դէպքին մասին մինչեւ այսօր ամբողջական տեղեկութիւններ չունիմ։ Եթէ կան մարդիկ, որոնք յաւելեալ փաստեր կամ յիշողութիւններ կը պահեն, մեծ ուրախութեամբ պիտի ընդունիմ, եթէ զանոնք փոխանցեն ինծի։
Այսպէս նօսրացանք մենք։
Այսպէս անհետացան Սուրիոյ հարիւրաւոր հայկական գիւղեր ու քաղաքներ, որոնք ժամանակ մը դարձած էին մեր վերապրումի հանգրուանները։
Այդ հողերուն վրայ տակաւին կան մեր ոտնահետքերը։
Կան մեր տուներուն քարերը։
Կայ մեր աղօթքը։
Կայ մեր շունչը։
Կայ մեր յիշողութիւնը։
Բայց չկանք մենք։
Եւ քանի՜-քանի Պարոն Արթիններ ծնան, ապրեցան ու հողին վերադարձան՝ իրենց հետ տանելով ամբողջ դարաշրջաններու պատմութիւններ, մաքառումներ, յաղթանակներ ու պարտութիւններ, որոնցմէ շատերը երբեք չեն գրուիր։
Այսօր, աւելի քան երբեք, ժամանակն է յիշելու այս խոնարհ հերոսները։
Այն մարդիկը, որոնք չուրացան իրենց ինքնութիւնը։
Չհեռացան իրենց սերմէն։
Չատեցին իրենց սերմը՝ Վահան Օշականի տողերուն հակառակ ընթացք ընտրելով։
Ապրեցան լուռ, աշխատեցան ազնիւ, մաշեցան իրենց հողին վրայ եւ մինչեւ վերջ հայ մնացին։
Հողը տակաւին նոյնն է։
Եփրատը տակաւին կը հոսի։
Բայց մեծ բացական մենք ենք։
Մեղաւորներ չեմ փնտռեր։
Այս տողերը կը գրեմ աղօթքի մը պէս՝ ի յիշատակ Պարոն Արթինի եւ անոր նման այն բազմաթիւ անանուն ու մոռցուած հայերուն՝ Աբրահամ Ղազարեանին, Ղազար Ղազարեանին, Գրիգոր Պալապանեանին, Յակոբ Պալապանեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց աչքերը բացին Ճարապլուսի մէջ, ապրեցան հոն եւ հողին վերադարձան՝ առանց երբեք հրաժարելու իրենց ինքնութենէն։
Հանգիստ անոնց աքսորական աճիւններուն։