image
Հրատապ լուրեր:

Սարիկ Մինասեան դադարեցուցած է Գիւմրիի աւագանիի անդամի լիազօրութիւնները. ան պիտի վերցնէ պատգամաւորի մանտաթ

Սարիկ Մինասեան դադարեցուցած է Գիւմրիի աւագանիի անդամի լիազօրութիւնները. ան պիտի վերցնէ պատգամաւորի մանտաթ

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Սարիկ Մինասեանը դադրեցուցած է Գիւմրիի աւագանիի անդամի լիազօրութիւնները: Այս մասին դիմատետրի իր էջին տեղեկացուցած է Մինասեանը:

«Սիրելի՛ ընկերներ, յարգելի՛ գիւմրեցիներ, հարկ եմ համարում տեղեկացնել, որ ներկայացրել եմ դիմում՝ Գիւմրիի աւագանու անդամի լիազօրութիւններս դադարեցնելու վերաբերեալ։ Իմ քաղաքական գործունէութիւնը շարունակելու եմ որպէս Ազգային Ժողովի պատգամաւոր՝ շարունակելով աւելի լայն լիազօրութիւններով եւ մեծ նուիրումով մշտապէս լինել Գիւմրու եւ գիւմրեցիների կողքին։

Քաղաքս ունի հոգատար եւ պրոֆեսիոնալ կառավարման կարիք, ինչի բացակայութեան պատճառով աւագանու արտահերթ ընտրութիւնները անխուսափելի են»,- նշած է ան։