image

Բժիշկ Շահէ Տիրարեան․ Մարդասիրութեան, նուիրումի եւ ծառայութեան կեանք մը

 Բժիշկ Շահէ Տիրարեան․ Մարդասիրութեան, նուիրումի եւ ծառայութեան կեանք մը

Կան անհատներ, որոնց կեանքը կը չափուի ոչ թէ տարիներով, այլ իրենց ծառայութեամբ, մարդկային արժէքներով եւ այն վստահութեամբ, զոր կը ներշնչեն իրենց շրջապատին։ Բժիշկ Շահէ Տիրարեան այդպիսի անհատներէն էր։ Հալէպի հայ համայնքին մէջ որպէս նուիրեալ ուրոլոգ, մարդասէր բժիշկ եւ ազգային գիտակից մտաւորական ճանչցուած Տիրարեան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց մարդուն առողջութեան, համայնքին եւ հայրենիքին ծառայելուն։ Ան նոյնիսկ Սուրիոյ պատերազմի ամենադժուար տարիներուն չլքեց իր ժողովուրդը՝ շարունակելով իր առաքելութիւնը վտանգաւոր պայմաններու տակ։ Իր մահը ծանր կորուստ մըն է ոչ միայն իր ընտանիքին ու բարեկամներուն, այլեւ Հալէպի հայ համայնքին եւ բոլոր անոնց, որոնք զինք ճանչցած են որպէս բարձրակարգ բժիշկ եւ ազնիւ մարդ։

Խոր ցաւով տեղեկացանք Հալէպի հայ համայնքի ճանչցուած բժիշկներէն, վաստակաշատ կրթական մշակ, հանգուցեալ Ռուբէն Տիրարեանի արժանաւոր որդիներէն տոքթ. Շահէ Տիրարեանի մահուան մասին, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2026-ին, Երեւանի մէջ։

Սուրիոյ պատերազմի ամենածանր տարիներուն, երբ բազմաթիւ ընտանիքներ ստիպուած եղան լքել Հալէպը, բժ. Շահէ Տիրարեան երկար տարիներ մնաց իր ժողովուրդին կողքին եւ շարունակեց ծառայել համայնքին՝ բժիշկի իր առաքելութիւնը կատարելով վտանգաւոր պայմաններու մէջ։ Միայն 2022-ին ընտանիքով հաստատուեցաւ հայրենիքի մէջ, ուր մինչեւ իր մահը որպէս ուրոլոգ կը գործէր Միրզոյեան դարմանատան մէջ՝ բուժելով հայրենիքի մէջ ապրող իր հիւանդները, նոյն անսակարկ նուիրումով ու հոգատարութեամբ։

Հանգուցեալին հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարուեցաւ 25 Յունիս 2026-ին, իսկ յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 26 Յունիս 2026-ին, Էջմիածինի Շահումեան գիւղի գերեզմանատան մէջ։

1956-ի ծնունդ բժ. Շահէ Տիրարեան ծնած էր Հալէպ, տէր եւ տիկին Ռուբէն եւ Արմինէ Տիրարեաններու յարկին տակ։ Իր նախնական, միջնակարգ եւ երկրորդական ուսման փուլերը անցուցած էր Կիլիկեան վարժարանին մէջ, ուրկէ յաջողութեամբ շրջանաւարտ դարձած էր։

Բարձրագոյն ուսման համար մեկնած էր Մայր հայրենիք եւ ընդունուած՝ Երեւանի Պետական Բժշկական համալսարան, զոր աւարտած էր 1984-1985 տարեշրջանին։ Այնուհետեւ մասնագիտացած էր միզային եւ սեռային ուղիներու հիւանդութիւններու վիրաբուժութեան մէջ՝ դառնալով հմուտ ուրոլոգ-վիրաբոյժ։ Իր գիտական աշխատանքներու եւ մասնագիտական թեզի պաշտպանութենէն ետք արժանացած էր «Գիտութիւններու Դոկտոր»ի բարձր տիտղոսին։

Բժ. Տիրարեան իր մասնագիտական կեանքը նուիրեց մարդուն առողջութեան ծառայելուն։ Հայաստանի մէջ ասպիրանտուրան աւարտելէ ետք, 1992-ին վերադարձաւ ծննդավայր Հալէպ, ուր հիմնեց իր սեփական դարմանատունը եւ շուրջ երեք տասնամեակ ծառայեց հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն՝ որպէս ուրոլոգ մասնագէտ բժիշկ։ Իր գիտելիքը, բարեխղճութիւնը եւ մարդասիրական մօտեցումը զինք դարձուցին բազմաթիւ հիւանդներու վստահելի բժիշկը։

Կատարելով սուրիական բանակին մէջ իր քաղաքացիական պարտքը, տոքթորը 1995-1998 թուականներուն ծառայեց Հալէպի Զինուորական հիւանդանոցին մէջ։

Բժ. Շահէ Տիրարեան նաեւ ազգային-հասարակական կեանքին մասնակից մտաւորական էր։ Կանուխ տարիքէն անդամակցած էր Հ.Մ.Մ.-ի շարքերուն եւ տարիներ շարունակ մաս կազմած էր միութեան պասքեթպոլի խումբին։

Ան նաեւ բժշկագիտական հետաքրքրական ու լուսաբանող յօդուածներ կը ստորագրէր «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ՝ հրապարակելով առողջապահական նիւթերու մասին գրութիւններ։

Հանգուցեալը ամուսնացած էր Անահիտ Յարութիւնեանի հետ եւ օրհնուած էր մանչ զաւակով մը՝ Ռուբէնով։