Հմէմիմն ու Թարթուսը կը փոխեն իրենց կարգավիճակը. Ռուսիան եւ Սուրիան համաձայնութեան եկած են։ Այս մասին կը հաղորդէ SANA-ն։
18 ամիս տեւած բանակցութիւններէն ետք, Սուրիան եւ Ռուսիան համաձայնութեան եկած են Հմէմիմի եւ Թարթուսի մէջ ռուսական ներկայութեան ապագային վերաբերեալ։
Համաձայն յուշագիրին՝ քաղաքացիական կառոյցները, ներառեալ Հմէմիմի օդակայանը եւ Թարթուսի նաւահանգիստի չորրորդ առեւտրային նաւամատոյցը, աստիճանաբար պիտի անցնին Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ։
Ռազմական կառոյցները աւանդական ռազմական խարիսխներու փոխարէն պիտի վերածուին սուրիական-ռուսական համատեղ ուսումնական կեդրոններու։ Անցումային գործընթացը նախատեսուած է աւարտել երեք ամիսներու ընթացքին։