image

Երեւան կը պատրաստուի COP-17 համաժողովին

Երեւան կը պատրաստուի COP-17 համաժողովին

Հայաստանը կը պատրաստուի COP-17 համաժողովին։ 2026 թուականի հոկտեմբեր 18-30-ը Երեւանի մէջ պիտի կայանայ «Կենսաբանական բազմազանութեան մասին» համաձայնագրի կողմերու 17-րդ համաժողովը, որ առաւել յայտնի է COP 17 անունով։ Համաժողովին պիտի մասնակցին Համաձայնագիրի անդամ 196 երկիրներու ներկայացուցիչներ եւ տասնեակ հազարաւոր մասնակիցներ ամբողջ աշխարհէն։ Նախորդը՝ COP 29-ը, կայացած է երկու տարի առաջ՝ Պաքուի մէջ։

«Կենսաբազմազանութիւնը մոլորակի իմունիտետն է»՝ ասիկա կլիմայի եւ շրջակայ միջավայրի հարցերով փորձագէտ Նարեկ Օհանեանի բնութագրումն է։ Փորձագէտը քանի մը տարի առաջ պարզած էր, որ իր հարազատ մարզը՝ Արարատը, անապատացման ճանապարհին է։ Սկսաւ ուսումնասիրել խնդիրը․

«Եթէ մի մասնիկ անգամ շղթայից հանենք, ամբողջը մեծ վտանգի առջեւ է կանգնում ու խաթարւում է ամբողջ շղթան մեր մոլորակի թէ՛ կեանքի, եւ թէ՛ մարդկութեան կեանքի»։

 COP17-ին պիտի նախորդէ նաեւ Առաջնորդներու գագաթնաժողովը՝ պետութիւններու, կառավարութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ։ Այդ հանդիպման շրջանակներուն մէջ նախատեսուած է ընդունիլ «Երկրի վրայ կեանքի պահպանման համար» խորագրով Երեւանի հռչակագիրը։