image

Ընթերցումներս. Անհամասեռութիւն (8). Գրեց՝ Արմենակ Եղիայեան

Ընթերցումներս. Անհամասեռութիւն (8). Գրեց՝ Արմենակ Եղիայեան

 Ընթերցումներս (65) 

Անհամասեռութիւն (8)

  1. Շարահիւսական անհամասեռութիւն (ա)

Անհամասեռութեան  այս տարբերակը կ’ընդգրկէ բառերէն անդին՝ ամբող-ջական նախադասութիւններ, ուր կը յառաջանան  խօսքի  կառուցային անմիօրի-նակութիւններ, աններդաշնակութիւններ, անհամատեղելիութիւններ:

Օրինակ՝ 

--Արկածեալը ունէր կոտրած անրակ մը, ճաթած կողոսկրներ եւ անոր թոքերէն մէկը վիրաւորուած էր: 

Արկածեալին կրած վնասներէն առաջին երկուքը ունին անուանական բնութագրում՝ «կոտրած անրակ» եւ «ճաթած կողոսկրներ», մինչ երրորդը ունի նկարագրական բնութագրում, որ տրուած է ամբողջ նախադասութեամբ մը՝ «անոր թոքերէն մէկը վիրաւորուած էր», մինչդեռ ոճական հետեւողականութեան համար կարելի էր այս վերջինին նմանապէս  տալ անուանական բնութագրում եւ ըսել.

--Արկածեալը ունէր կոտրած անրակ մը, ճաթած կողոսկրներ եւ վիրաւոր թոք մը:     

Նաեւ՝          

-- Օդերեւութաբանական աղբիւրները ծանուցեցին մօտալուտ փոթորիկ մը, հեղեղային տեղումներ եւ թէ ալիքները արտակարգօրէն պիտի բարձրանան: 

Սա նախորդին մէկ կրկնօրինակն է. բնական երեք նախատեսութիւններուն առաջին երկուքը անուանական են, իսկ երրորդը՝ նկարագրական, ինչ որ կարելի էր սրբագրել այսպէս՝

--Օդերեւութաբանական աղբիւրները ծանուցեցին  մօտալուտ փոթորիկ մը, հեղեղային տեղումներ եւ  ալիքներու արտակարգ բարձրացում:

Երրորդը կարելի է բանաձեւել նաեւ այսպէս՝ «եւ արտակարգօրէն բարձր ալիքներ»:                                                         

*   *   *

Անշուշտ ոչինչ կ’արգիլէ, որ այսպիսիները ստանան հակառակ լուծում մը, որ ահաւասիկ. 

--Օդերեւութաբանական աղբիւրները ծանուցեցին, թէ պիտի փչէ զօրաւոր փոթորիկ մը, պիտի պատահին հեղեղային տեղումներ  եւ (թէ) ալիքները արտակարգօրէն պիտի բարձրանան:

Այս կարգի լուծումը ի զօրու է  բերուած բոլոր օրինակներուն համար:

Նաեւ՝ 

--Ցայտուն օրինակը Էլմար Մահմուտովի պաշտօնազրկումն ու կալանքի տակ առնուիլն էր («Ազգ», 20-11-15):

Ուր համադասուած են  պաշտօնազրկումն (բայանուն) եւ կալանքի տակ առնուիլն (անորոշ դերբայական բառակապակցութիւն): 

Սրբագրենք զայն՝

--Ցայտուն օրինակը Էլմար Մահմուտովի պաշտօնազրկումն էր եւ կալանաւորումը»:   

Կամ՝ պաշտօնանկութիւնն ու կալանքը:

Այլ նաեւ՝ 

--Ցայտուն օրինակը Էլմար Մահմուտովի պաշտօնազրկուիլն ու կալանքի տակ առնուիլն էր»:

Որով անհամասեռութիւնը վերցաւ, սակայն կառոյցը ճապաղ, ծանծաղ ու անհրապոյր է: Նկատել մանաւանդ բառակազմական անմիօրինակութիւնը.

--պաշտօնազրկուիլ-ը բառային մէկ ամբողջութիւն է, մինչ՝

--կալանքի տակ առմուիլը՝ ամբողջ բառակապակցութիւն մը:

Գոնէ  համադասէր սա՛ ձեւով՝

--պաշտօնազրկուիլն ու կալանաւորուիլը...

                                                          *   *   *

Ա յլ օրինակներ՝

***Արկածեալը կը տառապէր  կոտրած բազկոսկրէ մը, քանի մը ճաթած կողոսկրներէ,  եւ քիթը յարատեւ կ’արիւնէր:

---Արկածեալը կը տառապէր  կոտրած  բազկոսկրէ մը, քանի մը ճաթած կողոսկրներէ եւ քիթի  մնայուն (կամ՝ անդադրում) արիւնահոսութենէ:

***Վաճառորդուհին ունէր  համոզիչ շեշտ մը, կիրթ շարժումներ եւ մեծ  համբերութեամբ կը պատասխանէր մեր բոլոր հարցումներուն: 

---Վաճառորդուհին ունէր  համոզիչ շեշտ մը, կիրթ շարժումներ եւ մեծ համբերութիւն:

Ուր կատարելապէս համասեռ են՝ համոզիչ շեշտ-ը, կիրթ շարժումներ-ը եւ մեծ համբերութիւն-ը:

***Արագ ակնարկով մը իսկոյն կրցայ զանազանել սեղանին բարիքները՝  ֆրանսական պանիրը,  գերմանական նրբերշիկը,  գիրուկ վառեակ մը եւ գինի որ իտալական արտադրութիւն էր: 

---Արագ ակնարկով մը իսկոյն կրցայ զանազանել սեղանին բարիքները՝ ֆրանսական պանիրը, գերմանական նրբերշիկը, գիրուկ վառեակ մը եւ իտալական գինին:   

***Արտագաղթողները կը դժգոհին աշխատանքի պակասէն, ապրուստի սղութենէն, ազատութեանց բռնաբարումէն եւ կը բողոքէին տիրող անարդա-րութեան դէմ:

---Արտագաղթողները կը դժգոհէին աշխատանքի պակասէն, ապրուստի սղութենէն, ազատութեանց բռնաբարումէն  եւ տիրող անարդարութենէն: 

***Անոնք մեկնեցան  աշխատանք ճարելու, բաւարար դրամ շահելու, աժան ապրուստ գտնելու յոյսով եւ պիտի փորձէին նոր  հայրենիք մը կերտել   այդ   ափերուն վրայ:

Անոնք մեկնեցան աշխատանք ճարելու, բաւարար դրամ շահելու, աժան ապրուստ գտնելու եւ  նոր հայրենիք մը կերտելու յոյսով:

Համասեռութեան սիրոյն ջնջեցինք «այդ ափերուն վրայ» բառակապակցութիւնը, որ շատ բան չի նշանակեր:



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com