– Սիլվա՛, դուն լա՞ւ ես, կարեւորը քեզի բան մը չեղաւ: Մոռցիր վնասուածը. ճանդ սաղ ըլլայ:
Շատ կը նեղանայի այս խօսքէն, երբ յանկարծ լեցուն շիշ մը կը կոտրէր, եւ սենեակին չորս դին ապակիի կտորները կը տարածուէին, իսկ հեղուկը գետինն ու պատերը կը ցօղէր:
Բարկացած կը պատասխանէի. « Ճանս ի՞նչ կապ ունի կոտրած շիշին հետ: Օ՜ֆ, գլխուս աշխարհ մը գործ բացուեցաւ»:
Նոյնպէս «Ճանդ սաղ ըլլայ» ըսելով` ամուսինս կը փորձէր հանդարտեցնել զիս, երբ ութսունականներուն, Լիբանանի պատերազմին ընթացքին, մեր տունը յաճախ վնասներու կ՛ենթարկուէր: Մասնաւորաբար թաղային կռիւներու ընթացքին, երբ մեր բնակարանը փամփուշտներու տարափէն «մաղի» կը վերածուէր: Չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ մեր տեսածը աւելին էր, քան Հոլիվուտի քաուպոյական ժապաւէններուն մէջ ցուցադրուածը, երբ տուն մը հարիւրաւոր փամփուշտներով կը թիրախաւորուի եւ մուխի ու ծուխի մէջ կը կորսուի, մինչ տան ներսը գտնուող բնակիչները գետինին փակած, գլուխները ծածկած կը սպասեն իրենց սեւ ճակատագիրին: Սոյն նկարագրականը անձնական փորձառութենէս է, երբ նոյն տարուան յունուարին եւ օգոստոսին, «Հըպէյքա- Ժահժահ» թաղային թունաւոր կռիւներու ընթացքին մեր տունը հարիւրաւոր հրացանարձակման թիրախ դարձաւ, եւ ընտանիքս աննկարագրելի սարսափի մատնուեցաւ:
– Սիլվա՛, ճանդ սաղ ըլլայ. կարեւորը քեզի եւ փոքրիկներուն բան մը չպատահեցաւ: Ձեր եղունգը հազար անգամ աւելի թանկարժէք է, քան կահոյքն ու պատերը:
– Ո՜ւֆ, Կարօ՜, նորէն միայն ճանդ սաղ ըլլայ ըսելով, եղած աւերը մաալեշի կը կապես:
– Սիլվա՛, կոտրածը-փլածը կը շինուի, կարեւորը մարդուս հոգին ողջ ըլլայ: Նիւթական վնասը կը վերականգնի, իսկ հոգին` երբեք: Ես օրական կը տեսնեմ այնպիսի հիւանդութիւններ, որոնք բժշկական գրականութեան մէջ հազուադէպ պատահող սիւնակին տակ կը տեղադրուէին, իսկ այսօր այդ հիւանդութիւններով տառապողները շուրջս շատ են ու անյոյս վիճակի մատնուած:
– Լա՛ւ, լա՜ւ, հասկցայ…
Իրականութեան մէջ բաւարար չէի հասկցած մինչեւ որ «Քորոնա» ժահրը թակեց մարդկութեան դուռը եւ չխնայեց երիտասարդ, ծեր, կին, պատանի: Ցաւով կը յիշեմ սիրելիներ, որոնք չկրցան յաղթահարել համավարակը եւ չարաչար մահացան: Ի՞նչ կրնային խնդրել տառապող հիւանդն ու անոր ընտանիքը, բացի ճան սաղութենէն` հոգիի ողջութենէն: Թէեւ թագաժահրը կլանեց համայն աշխարհը, բայց լիբանանցիին բաժին հասաւ աւելին: Մինչ ան իր ունեցած բազմաթիւ տագնապներով կը տուայտէր, պատահեցաւ ահաւորագոյնը` սարսափելի տարողութեամբ ու աննկարագրելի վայրագութեամբ կիրարկուած` Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը:
Արդէն վեց տարի անցած է այդ օրէն, եւ ես ամենայն թարմութեամբ կը յիշեմ այդ օրուան դառն մանրամասնութիւնները: Ես ու աղջիկս` Դալարը, մեր կոտրտուած, վնասուած տան մէջ, մէյ մէկ վերապրող էինք: Թէեւ ամուսինս պայթումէն հինգ ամիս առաջ ակամայ մեկնած էր այս աշխարհէն, բայց ականջիս հնչեց իր նշանաւոր խօսքը. «Ճաներնիդ սաղ ըլլայ, կարեւորը դուք ողջ-առողջ էք»:
Այդ օրը բացառաբար «Ճանդ սաղ ըլլայ»-ը շատ քաղցր հնչեց, եւ ես ապակիի կոյտերը, կոտրտուած դուռ-պատուհանները, առաստաղէն ինկած լուսամփոփները, տան իրարանցումը դիտեցի այլ աչքերով: Կ՛ուզէի ձայնս լսելի դարձնել եւ հաստատել. «Այո՛, Կարօ՛, մենք ողջ ենք. կարեւորը հոգիի ողջութիւնն է: Մենք այժմ ունինք մեր փրկութեան պատմութիւնը (survival story), որ կրկին ու կրկին պիտի ապշեցնէ ե՛ւ լսողները, ե՛ւ մեզ…»:
Յաջորդող օրերուն ամէն մէկ անհատ, որ կը գտնուէր Պէյրութի մէջ եւ պայթումին մօտակայքը, կը պատմէր իր` հրաշքով փրկուելուն պատմութիւնը, իսկ ծանրօրէն վիրաւորուողները հետագային պատմեցին աւելին` կամքի զօրութեան, անսպառ համբերութեան ու չմարող հաւատքի վկայութիւնները:
Չկասկածիք, թէ մոռցայ յիշատակելու հազարաւոր մահացողները, անհետ կորսուածներն ու անոնց սգակիր ընտանիքները, որբացած զաւակները, որդեկորոյս ծնողները…: Կը հաւատամ, որ սգաւորին արցունքը օրէ օր աւելի կը դառնանայ, քանի որ արդարութիւնը իր ընթացքը չստացաւ, յանցագործը «չբացայայտուեցաւ», չպատժուեցաւ եւ անոր զազրելի արարքը մնաց մութ ու հանելուկային:
Անկարելի է , որ օգոստոսը դիմաւորեմ եւ չյիշեմ 4 օգոստոս 2020-ը ու չվերապրիմ պայթումէն յառաջացած խռովայոյզ հոգեվիճակը, ծանօթ ու անծանօթ մահերուն պատճառած մորմոքը, անորոշութեան ստեղծած տագնապը, սարսափին չյանգող արձագանգը… Կը յիշեմ պայթումէն քանի մը օր ետք Պուրճ Համուտէն մինչեւ քաղաքին կեդրոնը քալեցի եւ ականատես դարձայ լայնածաւալ քանդումին: Կարծես թէ Հոլիվուտը իր երեւակայութիւնը սանձազերծած էր ու «աշխարհի աւարտը» կը բեմադրէր եւ Լիբանանը իբրեւ խաղաբեմ ընտրած էր: Արցունքներս չէի կրնար զսպել, նոյնպէս` բարկութիւնս եւ ընդվզումս: Ամէն քայլափոխիս կը հանդիպէի ծանօթի մը, որուն դէմքին վրայ սարսափն ու զայրոյթը իրենց դրոշմը կը պարզէին: Անդին վաճառատան մը տէրը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր այդ հիմնարկին, այսօր կոտրտուած ցուցափեղկերուն ապակիներն ու փայտերը կ՛աւլէր: Ամէն մէկ մայթ ըսելիք մը ունէր, հառաչանք մը, ճիչ մը, հոգոց մը կ՛արձակէր: Եւ ես այդ բոլոր երեւոյթներուն մէջ` փլատակներու դէզերուն, պարող աւելներուն, տժգոյն դէմքերուն ու խլացնող «ձայներուն» մէջէն անընդհատ կը լսէի. « Նիւթական վնասը կը վերականգնուի, իսկ հոգիի վնասը` երբեք»: Վերջապէս աւարտեցի «պտոյտս» ու աղէտալի ոդիսականին տպաւորութիւնները շալկած վերադարձայ տուն: Այլեւս տանս մերկ պատուհաններէն ներթափանցող աղմուկը չէր անհանգստացներ զիս, այլ ականջիս կը հասնէր ամէնէն բարի ու քաղցրահնչիւն խօսքը.
«Սիլվա՛, ճանդ սաղ ըլլայ»:
Սիլվա Մահսէրէճեան-Իսկիկեան