image

Պաշտօնեայ դառնալու տարիքային սահմանափակման վերացում

Պաշտօնեայ  դառնալու տարիքային սահմանափակման վերացում

Օգոստոս 15-էն ուժի մէջ մտած է շարք մը պաշտօններ զբաղեցնելու համար գործող առաւելագոյն տարիքի՝ 65 տարեկանի շեմի վերացման կարգաւորումը։

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութենէն՝ նշելով, որ մասնաւորապէս, փոփոխութիւնը կը վերաբերի քաղաքացիական, մաքսային, հարկային եւ համայնքային ծառայութեան, Ազգային ժողովի աշխատակազմին մէջ պետական ծառայութեան պաշտօններուն, վարչական պաշտօն զբաղեցնող աշխատակազմի ղեկավարներուն, պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններու գործադիր մարմիններու ղեկավարներուն, մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններու տնօրէններուն, ինչպէս նաեւ անձնական տուեալներու պաշտպանութեան լիազօրուած մարմինի ղեկավարի պաշտօնին։

Նոր կարգաւորմամբ՝ վերոնշեալ պաշտօններուն մէջ աշխատանքային գործունէութիւնը շարունակելու հնարաւորութիւնն այլեւս պայմանաւորուած պիտի չըլլայ անձի՝ որոշակի տարիքի հասնելու հանգամանքով։

Միաժամանակ, «Հանրային ծառայութեան մասին», «Համայնքային ծառայութեան մասին», «Պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններու մասին» եւ «Մասնագիտական կրթութեան եւ ուսուցման մասին» օրէնքներուն մէջ պիտի ստեղծուին իրաւական հիմքեր, որոնք հանրային, համայնքային ու քաղաքացիական ծառայողներուն, ինչպէս նաեւ պետական կազմակերպութիւններու գործադիր մարմիններու ղեկավարներուն հնարաւորութիւն պիտի տան դառնալ խնամատար ծնող եւ երեխայի խնամքն իրականացնելու համար ստանալ վարձատրութիւն։