image

Երեւան եւ Քիեւ խորհրդարանական քննարկումներ

Երեւան եւ Քիեւ  խորհրդարանական քննարկումներ

Օգոստոսի 14-ին Քիեւ կատարած աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Կոստանեան հանդիպած է Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատայի նախագահի տեղակալ Օլենա Կոնդրատիւքի հետ։

Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ-էն։

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Ուքրանիա յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն, ընդգծած համատեղ ջանքերով վերջին շրջանին աշխուժացած բարձրաստիճան շփումներու հետագայ ընդլայնման եւ երկկողմ օրակարգի առաւել ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։

Կարեւորելով միջխորհրդարանական համագործակցութեան դերը երկկողմ յարաբերութիւններու առաջմղման գործին մէջ՝ Վահան Կոստանեան եւ Օլենա Կոնդրատիւք ընդգծած են երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ կապերու առաւել սերտացման, ինչպէս նաեւ բազմակողմ խորհրդարանական հարթակներու մէջ համագործակցութեան խորացման կարեւորութիւնը։

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային կարեւորութիւն ունեցող հարցերու շուրջ։ Ընդգծուած է կայուն եւ տեւական խաղաղութեան առաջմղման կարեւորութիւնը։