Մեծ Բրիտանիոյ կեդրոնական եւ հարաւային շրջաններուն մէջ աւելի քան հազար բնական հրդեհներ արձանագրուած են։
Այս մասին յայտնած է The Guardian-ը՝ վկայակոչելով երկրի հրշէջ ծառայութիւններու ազգային խորհուրդին հաղորդագրութիւնը։
Հրդեհներու թիւը գերազանցած է 1017-ը՝ 2025 թուականի մրցանիշային ցուցանիշը։ Կը սպասուի, որ հրդեհներու եղանակը կրնայ տեւել մինչեւ նոյեմբեր, իսկ հրդեհներու թիւը այս տարի էապէս պիտի գերազանցէ նախորդ տարուան ցուցանիշները։
Երկրի վեց շրջաններուն մէջ կը պահպանուի եղանակային վտանգի «նարնջագոյն» մակարդակը, ուր միայն վերջին օրուան ընթացքին հրդեհներու պատճառով հիւանդանոց փոխադրուած է 19 մարդ։
ԵՄ կլիմայի փոփոխութեան վերահսկող մարմինի կանխատեսումներուն համաձայն՝ Մեծ Բրիտանիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ ծայրայեղ եղանակային պայմանները պիտի պահպանուին մինչեւ օգոստոս 19-ը։