Յետ-Ասատեան Սուրիոյ մէջ կը շարունակուին առեւանգման դէպքերը։ Անզէն մարդոց, մեծահասակներու եւ նոյնիսկ երեխաներու դէմ ուղղուած այս դէպքերը կը համարուին լուրջ խնդիր Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն համար, որոնք կանգնած են լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ։
Օրերս նման դէպք մը գրանցուած է Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքին մէջ։
Առեւանգուած անմեղ պատանին կը կոչուի Մոհամմատ Քէյս Հայտար եւ անոր պատմութիւնը՝ ստորեւ
Լաթաքիոյ մէջ ներքին անվտանգութեան ուժերու բանբերը հաստատած է, որ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւին պատանի Մոհամմատ Քէյս Հայտարի առեւանգման դէպքին, որ տեղի ունեցած է չորեքշաբթի՝ հոկտեմբերի 8-ի առաւօտեան, «Ժամալ Տաուուտ» դպրոցին առջեւ։
Կը նշուի նաեւ,որ Ներքին անվտանգութեան մարմիններ կը շարունակեն իրենց դաշտային ջանքերը համագործակցելով տարբեր անվտանգային բաժիններու հետ, որպէսզի ապահով կերպով գտնուի եւ ազատ արձակուի պատանին, իսկ մեղաւորները ձերբակալուին եւ ներկայացուին ՝արդարադատութեան։
Վերջին շրջանին Ներքին անվտանգութեան ուժերը յաջողած են կասեցնել նմանատիպ քանի մը դէպքեր առանց նշելու այդ մասին կարեւոր մանրամասնութիւններ։ Առեւնագման դէպքերը մեծ հաշուով կը կատարուին նպատակ ունենալով գումար յափշտակել առեւանգուածներու ծնողներէն կամ ազգական-բարեկամներէն