Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն չէ բացառած պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք նախագահական պաշտօնին վերադառնալու հնարաւորութիւնը։ Մաքրոն այս մասին ըսած է ամերիկեան «Variety» պարբերականին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։
«Եկէք յստակ ըլլանք․ մեր Սահմանադրութեան համաձայն՝ կարելի է ընտրուիլ երկու յաջորդական ժամկէտով։ Հետեւաբար, յառաջիկայ Մայիսին ես պիտի աւարտեմ պաշտօնավարման ժամկէտս, եւ Ֆրանսայի ժողովուրդը ուրիշ անձ մը պիտի ընտրէ։ Բայց ես ոչինչ կը բացառեմ։ Վերադառնալը բաւական անսովոր է, սակայն կը տեսնենք։ Կեանքը հնարամիտ է, երբեմն՝ աւելի, քան ֆիլմերը»,– ըսած է Մաքրոն։
Մաքրոն Ֆրանսայի նախագահ ընտրուած է 2017-ին եւ վերընտրուած՝ 2022-ին։ Սահմանադրութիւնը անոր թոյլ չի տար երրորդ անգամ յաջորդաբար թեկնածութիւն առաջադրելու 2027-ի ընտրութիւններուն, սակայն ընդմիջումէ մը ետք՝ 2032-ին, առաջադրուելու իրաւական արգելք չկայ։