Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, որ Հայաստանի ներկայիս ղեկավարութեան՝ երկրի զարգացման ուղղութիւնը փոխելու որոշումը դրական հետեւանքներ պիտի չունենայ։ Անոր խօսքով՝ Հայաստանի համար ամենավատ սենարը կրնայ ըլլալ «նոր Ուքրանիա» դառնալը։
«Հայաստանի ներկայիս իշխանութիւնները ճիշդ նկատած են փոխել իրենց զարգացման ուղղութիւնը։ Համոզուած եմ, որ այդ եւս ոչ մէկ լաւ բանի պիտի յանգեցնէ։ Ամենասարսափելին, որ կրնայ պատահիլ Հայաստանին, անոր վերածուիլն է նոր Ուքրանիոյ», ըսած է Մետվետեւ՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պետական ռատիոհեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին մէջ։
Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին, անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Հայաստանի մտադրութեան, նշած էր, որ ԵՄ-ին անդամակցելու գործընթացը սկսելու մասին օրէնքի ընդունումը կը նշանակէ Եւրասիական տնտեսական միութենէն դուրս գալու յայտարարութիւն։ Ռուսիոյ դիրքորոշմամբ՝ Հայաստանի մէջ այս հարցով պէտք է հնարաւորինս շուտ հանրաքուէ կայացնել։