Սպանիոյ Սէութա ինքնավար քաղաք հասած գրեթէ բոլոր անօրինական ներգաղթեալները արդէն վերադարձած են Մարոքքօ։ Այս մասին կը հաղորդէ Սպանիոյ արտաքին գործերու, Եւրոպական միութեան եւ համագործակցութեան նախարարութիւնը։
«Յուլիս 30-ին սահմանը հատած անձերէն գրեթէ բոլորն արդէն վերադարձուած են Մարոքքօ»,– ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Նախարարութենէն յիշեցուցած են, որ Սէութա կամ Մելիլիա ինքնավար քաղաքներու միջոցաւ Սպանիա անօրինական մուտք գործելը անձերուն չի շնորհեր երկրի մէջ մնալու, մայրցամաքային Սպանիա մեկնելու կամ Եւրոպայի մէջ ազատ տեղաշարժելու իրաւունք։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ Սէութայի սահմանը ամրացուցած է մօտ 500 մեթր երկարութեամբ ծովային զսպիչ պատնէշով։
Յուլիսի վերջը տասնեակ հազարաւոր անօրինական ներգաղթողներ լողալով եւ ոտքով հասած էին ինքնավար քաղաք։
Ճգնաժամի պայմաններուն մէջ Սպանիոյ իշխանութիւնները որոշած էին զինուորականներ տեղակայել քաղաքին մէջ՝ անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով։ Սպանիոյ կառավարութեան տուեալներով՝ Սէութա հասնելու փորձի ընթացքին զոհուած է առնուազն 88 մարդ։
Սէութան, որ կը գտնուի Ափրիկէի հիւսիսային ափին, սակայն կը պատկանի Սպանիոյ, երկար տարիներէ ի վեր կը համարուի Ափրիկէէն Եւրոպա հասնելու ձգտող ներգաղթողներու հիմնական ուղիներէն մէկը։ Քաղաքը Մարոքէն բաժնուած է սահմանային պատնէշով, սակայն ան Եւրոպական Միութեան տարածք է, ինչը զայն գրաւիչ կը դարձնէ Ափրիկէի տարբեր երկիրներէ ժամանողներու համար։
Սէութա զանգուածաբար ներթափանցելու փորձերը սովորաբար կը կատարուին երկու հիմնական եղանակով՝ սահմանային պատնէշները յաղթահարելով կամ ծովային ճանապարհով լողալով Սպանիոյ ափ հասնելով։ Վերջին դէպքին, մեծ թիւով մարդիկ փորձած են օգտուիլ սահմանային վերահսկողութեան թուլացումէն եւ Մարոքքոյի կողմէն ոտքով կամ լողալով մուտք գործել քաղաք։
Միջադէպը անգամ մը եւս բարձրացուցած է Եւրոպայի գաղթականութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ բանավէճերը՝ կապուած սահմաններու վերահսկողութեան, ապաստան հայցողներու իրաւունքներուն եւ գաղթականութեան հիմնական պատճառներուն լուծում տալու անհրաժեշտութեան հետ։