image

Թուրքիա եւ Իրան քննարկած են սահմանային անվտանգութեան ամրապնդման հարցերը

Թուրքիա եւ Իրան քննարկած են սահմանային անվտանգութեան ամրապնդման հարցերը

Թուրքիոյ եւ Իրանի ներկայացուցիչները քննարկած են երկու երկիրներու միջեւ սահմանային անվտանգութեան ամրապնդման, ապօրինի գաղթի եւ թմրամիջոցներու մաքսանենգութեան դէմ պայքարի հարցերը։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը, Աղրըի նահանգապետ Օնտէր Պոզքուրթի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ Իրանի պատուիրակութիւններու հանդիպումը՝ նուիրուած սահմանային անվտանգութեան։

Թրքական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է Պոզքուրթը, իսկ իրանականը՝ Մաքուի շրջանի սահմանապահ ուժերու հրամանատար, գնդապետ Մեհտի Հապիպզատէն։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են սահմանային անվտանգութեան ամրապնդման, գաղթականներու կողմէ սահմանը ապօրինի հատելը կանխելու եւ թմրամիջոցներու մաքսանենգութեան դէմ արդիւնաւէտ պայքար մղելու միջոցները։

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ մաքսային ընթացակարգերու արդիւնաւէտութեան բարձրացման։

Կողմերը միտքեր փոխանակած են սահմանային ապահովութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ համագործակցութեան հետագայ զարգացման շուրջ։