image

2025-էն սկսեալ Միացեալ Նահանգներէն հեռացած է 3 միլիոն ներգաղթեալ

2025-էն սկսեալ Միացեալ Նահանգներէն հեռացած է 3 միլիոն ներգաղթեալ

 

2025 տարեշրջանի սկիզբէն ի վեր աւելի քան 3 միլիոն ապօրինի ներգաղթեալներ լքած են Միացեալ Նահանգները։ Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Ներքին անվտանգութեան նախարար Մարքուէյն Մալինը։

Անոր խօսքով՝ ապօրինի ներգաղթեալներու ձերբակալութիւններու թիւը կը շարունակէ աճիլ, եւ գերատեսչութիւնը գրեթէ ամէն օր նոր մրցանիշներ կը սահմանէ ձերբակալուածներու թիւով։

Մալինը տեղեկացուցած է, որ Միացեալ Նահանգներէն հեռացած աւելի քան 3 միլիոն ապօրինի ներգաղթեալներէն 1.6 միլիոնը արտաքսուած է ԱՄՆ Ներգաղթի եւ մաքսային ծառայութեան (ICE) օժանդակութեամբ, մինչդեռ եւս 1.4 միլիոնը կամաւոր կերպով հեռացած է՝ օգտուելով կառավարութեան ֆինանսական աջակցութեան ծրագիրէն։

Նախարարը նաեւ նշած է, որ ICE-ի աշխատակիցներուն կողմէ ամէն օր ձերբակալուող ապօրինի ներգաղթեալներուն մօտ 70 առ հարիւրը յանցագործութիւններու համար դատապարտուած կամ ծանր յանցագործութիւններու մեղադրանքով հետապնդուող անձեր են։