image

Սերժ Սարգսեանի դատավարութիւնը պիտի շարունակուի

Սերժ Սարգսեանի դատավարութիւնը պիտի շարունակուի

Հակակոռուպցիոն դատարանը մերժեց ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ անոր հարազատներու ենթադրեալ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործի վարոյթը կասեցնելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը։

Այն ներկայացուցած էր Սարգսեանի փաստաբան Վահագն Գրիգորեանը։

Որպէս միջնորդութեան հիմք՝ Գրիգորեանը դատարանէն ներս նշած է, որ Սահմանադրական դատարանի կողմէ ներկայիս կը քննուի «Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին օրէնքի սահմանադրականութեան հարցը։

Հակակոռուպցիոն դատարանի դատաւոր Կարապետ Բադալեանը նշած է, որ Սահմանադրական դատարանը որոշում չէ կայացուցած Սահմանադրութեան նշուած օրէնքի անհամապատասխանութեան վերաբերեալ։ Ան նշած է, որ վարոյթը կասեցնելու հիմք կրնայ հանդիսանալ մինչեւ Սահմանադրական դատարանի որոշումը քննարկելու անհնարինութիւնը, սակայն այս պարագային այդ կը բացակայի։