image

Օման-Իրան բանակցութիւնները կը շարունակուին

Օման-Իրան բանակցութիւնները կը շարունակուին

Իրանը եւ Օմանը կը շարունակեն բանակցութիւնները Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգ նաւարկութեան վերաբերեալ, այս մասին յայտարարած է Իրանի ԱԳՆ խօսնակ Էսմայիլ Պաղային։

Իրանցի դիւանագէտի խօսքով՝ երկու ափամերձ պետութիւններու միջեւ բանակցութիւնները կեդրոնացած են առեւտրային նաւագնացութեան փոխադարձ երթուղիներու շուրջ համաձայնութեան գալու վրայ։ Մշակուող մեխանիզմը նախատեսուած է ինքնիշխան իրաւունքներու յարգումն ապահովելու եւ Իրանի եւ Օմանի ազգային անվտանգութեան նկատառումները հաշուի առնելու համար։

Պաղային բարձր գնահատած է քաղաքական եւ տեխնիկական խորհրդակցութիւններու միջանկեալ արդիւնքները՝ ընդգծելով, որ Թեհրանը եւ Մասքաթը յանձնառու են մշակելու այս ռազմավարական ծովային միջանցքով երթեւեկութեան ապագայ կարգաւորման համար անհրաժեշտ կանոնները։ Բանակցութիւններու վերջնական արդիւնքները պիտի յայտարարուին ատոնց աւարտէն ետք։