image

Լիբանան- Իսրայէլ բանակցութիւնները կը շարունակուին. Ի՞նչ սպասել Հռոմի հանդիպումներէն ետք

Լիբանան- Իսրայէլ բանակցութիւնները կը շարունակուին. Ի՞նչ սպասել Հռոմի հանդիպումներէն  ետք

Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները կը շարունակուին տարածաշրջանային չափազանց զգայուն հանգրուանի մը մէջ, այն պահուն, երբ Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն կը պատրաստուի Ուաշինկթըն այցելելու եւ Սպիտակ տան մէջ ընդունուելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։

Այս այցելութիւնը պարզ արարողակարգային հանդիպում մը չէ։ Ան կրնայ վճռորոշ հանգրուան մը դառնալ Լիբանանի հարաւի ճակատագրին, իսրայէլեան հեռացումի հեռանկարին եւ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան վերականգնումին համար։

Միաժամանակ, բանակցութիւնները կ՚ընթանան ԱՄՆ-Իրան շարունակուող պատերազմի եւ տարածաշրջանային ուժերու նոր վերադասաւորման խորապատկերին վրայ։ Այս հանգամանքը մէկէ աւելի պատճառ կու տայ ենթադրելու, որ Ուաշինկթընի վարչակազմը այսօր կ՚ուզէ «լիբանանեան հարց»ը կարելի եղածին չափ հեռացնել Իրան-Միացեալ Նահանգներ հակամարտութենէն՝ զայն այլեւս չդիտարկելով միայն Թեհրան-«Հըզպալլա» առանցքին ընդմէջէն։

Ամերիկեան կողմին համար նպատակը, ըստ երեւոյթին, Լիբանանը տարածաշրջանային մեծ բախումին մէջ պատանդ մնալէ ազատելն է եւ զայն առանձին քաղաքական ու ապահովական ուղիի մը վրայ դնելը։ Այդ ուղին, որքան ալ փխրուն ու վտանգներով լի ըլլայ, կրնայ բացուիլ միայն բանակցութիւններու, պետական հաստատութիւններու ամրապնդման եւ հարաւի մէջ լիբանանեան բանակի ամբողջական ներկայութեան միջոցով։

Ճիշդ է, որ Պէյրութի մէջ տակաւին կան եւ պիտի շարունակեն լսելի ըլլալ ձայներ, որոնք պիտի քննադատեն բանակցութիւնները, զանոնք ներկայացնեն իբրեւ զիջում եւ իրենց թիրախը դարձնեն նախագահ Աունը։ Սակայն այդ աղմուկը այլեւս պարտադիր չէ, որ որոշիչ նշանակութիւն ունենայ։

Նոյնիսկ լիբանանեան «դիմադրութեան» ճակատին մէջ այսօր կան հատուածներ, որոնք ոչ միայն հիասթափուած են «Հըզպալլա»էն, այլ նաեւ յայտնուած են քաղաքական անկումի, լքուածութեան եւ անհեռանկար պայքարի թակարդին մէջ։ Այդ շրջանակներէն ներս հետզհետէ կը խորանայ այն համոզումը, որ Լիբանանը այս փուլին Իսրայէլի հետ առնուազն ժամանակաւոր համաձայնութենէ մը բացի իրատեսական այլընտրանք չունի։

Ահա այս ծանր ու հակասական պայմաններուն մէջ է, որ Հռոմի հանդիպումները կը ստանան իրենց իսկական նշանակութիւնը։ Անոնք այլեւս միայն երկու հակառակորդ կողմերու միջեւ դիւանագիտական շփումներ չեն, այլ փորձ մը՝ Լիբանանը դուրս բերելու տարածաշրջանային անվերջ պատերազմի փակ շրջանէն եւ բացելու պետական լուծումի մը, թէկուզ նեղ ու վտանգաւոր, բայց տակաւին գոյութիւն ունեցող ճամբան։

«Բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանին» հին ասացուածքը այս անգամ քաղաքական նոր իմաստ մը ստացաւ։ Լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւնները Հռոմ հասան (անցեալ չորեքշաբթի օր) ոչ թէ նոր համաձայնագիր մը ստորագրելու, այլ Ուաշինկթընի մէջ գոյացած «շրջագիծային համաձայնութիւնը» թուղթէն «գործնական դաշտ» փոխադրելու համար։

Հետեւաբար, բանակցութիւններու վեցերորդ փուլին գլխաւոր ձեռքբերումը մեծ յայտարարութիւն մը կամ անմիջական ամբողջական համաձայնութիւն մը չէր։ Իրական ձեռքբերումը այն էր, որ կողմերը առաջին անգամ սկսան քննարկել գործադրութեան մանրամասնութիւնները՝ ո՞ւրկէ պիտի սկսի իսրայէլեան հեռացումը (Բնականաբար Լիբանանի Հարաւյին շրջաններուն մասին է խօսքը, ուր Իսրայէլի տիրապետութեան տակ կը գտնուի Լիբանանի ամբողջական տարածքին 8 տոկոսը, որ ինքնին ցաւոտ վիճակ մը ստեղծած է բոլոր լիբանանցիներուն համար) , ո՞ւր պիտի տեղակայուի լիբանանեան բանակը, ո՞վ պիտի հսկէ գործընթացին եւ ինչպէ՞ս պիտի լուծուին տեղւոյն վրայ ծագող հարցերը։

Ամերիկեան կողմը Հռոմի բանակցութիւնները բնութագրեց իբրեւ «արդիւնաւէտ» եւ «դրական մթնոլորտ»ի մէջ ընթացած հանդիպումներ։ Իսկ բանակցութիւններու աւարտին յայտարարուեցաւ, որ կողմերը համաձայնած են փորձնական շրջաններու գործադրութեան հիմնական ուղեցոյցներուն շուրջ, մինչ «թէքնիք» մանրամասնութիւնները պիտի վերջնականացուին յառաջիկայ քննարկումներուն ընթացքին։

Հռոմի ժողովասեղանին դրուած ամենակարեւոր հարցը երկու «օրինակելի» կամ փորձնական բնակավայրերու գաղափարն էր։ Ըստ քննարկուած բանաձեւին՝ առաջին բնակավայրը պիտի ըլլայ այնպիսի շրջան մը, ուր իսրայէլեան բանակ ներկայ չէ, իսկ երկրորդը՝ իսրայէլեան ներկայութեան տակ գտնուող բնակավայր մը, ուրկէ իսրայէլեան ուժերը պիտի հեռանան եւ զանոնք պիտի փոխարինէ լիբանանեան բանակը։ Եթէ այս երկու փորձերը յաջողին, նոյն ձեւաչափը աստիճանաբար պիտի տարածուի հարաւային այլ բնակավայրերու վրայ։

Այս կէտը պարզ վարչական կարգադրութիւն մը չէ միայն։ Ան ամբողջ գործընթացին մանրակերտն է։

Իսրայէլ կ՚ուզէ նախ տեսնել, թէ Լիբանանի պետութիւնը ի վիճակի՞ է գետնի վրայ ստանձնելու ամբողջական ապահովական պատասխանատուութիւնը, կանխելու զինեալ ներկայութիւնը եւ պաշտպանելու սահմանը։ Լիբանան, իր կարգին, կը պահանջէ, որ իսրայէլեան հեռացումը չմնայ անորոշ ապագայի խոստում, այլ շօշափելի քայլով սկսի բռնագրաւուած տարածքէ մը։

Ահա այստեղ է Հռոմի բանակցութիւններուն իսկական բարդութիւնը։

Իսրայէլեան կողմը կ՚ըսէ՝ բանակը պիտի հեռանայ, երբ համոզուի, որ «Հըզպալլա»ի զինեալ գործունէութիւնը պիտի չվերադառնայ այդ շրջանները։ Լիբանանեան կողմը կը պատասխանէ՝ պետութեան եւ բանակին հեղինակութիւնը կարելի չէ հաստատել, մինչ իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն ներկայ մնալ լիբանանեան հողին վրայ։

Այսինքն՝ իսրայէլեան տրամաբանութեամբ անվտանգութիւնը պէտք է նախորդէ հեռացումին, իսկ լիբանանեան տրամաբանութեամբ հեռացումը պէտք է բանայ պետական անվտանգութեան հաստատման ճամբան։

Ամերիկեան միջնորդութիւնը փորձած է այս երկու հակադիր պայմանները միացնել քայլ առ քայլ գործադրուող փորձնական ձեւաչափով։ Մէկ բնակավայրի մէջ պիտի ստուգուի լիբանանեան բանակին կարողութիւնը, իսկ միւսին մէջ՝ իսրայէլեան կողմին պատրաստակամութիւնը իրական հեռացում կատարելու։

Հռոմի մէջ արձանագրուած երկրորդ կարեւոր կէտը մասնագիտական յանձնախումբերու ստեղծումն է։ Այս յանձնախումբերը պիտի զբաղին հեռացումի ժամանակացոյցով, անվտանգութեան միջոցառումներով, բանակի տեղակայումով, հսկողութեան համակարգերով եւ բնակիչներու վերադարձով։ Անոնք պիտի գործեն քաղաքական բանակցութիւնները վարող գլխաւոր յանձնախումբին հսկողութեան տակ։

Այս կառոյցներուն ստեղծումը կը նշանակէ, որ բանակցութիւնները կը փորձեն քաղաքական ընդհանուր սկզբունքներէն անցնիլ մասնագիտական աշխատանքի։ Այլեւս հարցը միայն այն չէ, թէ կողմերը համաձայն են խաղաղութեան կամ կայունութեան անհրաժեշտութեան շուրջ։ Հարցը այն է, թէ ո՞ր ճամբով Լիբանանի Հարաւ պիտի մտնէ բանակը, ո՞վ պիտի ստուգէ իսրայէլեան ուժերու հեռացումը, ի՞նչ պիտի պատահի զէնքի կամ զինեալ խումբերու յայտնաբերման պարագային, եւ ո՞վ պիտի որոշէ, որ տուեալ փորձը յաջողած է։

Երրորդ եւ թերեւս ամենադժուար հարցը իսրայէլեան ռազմական ու ապահովական գործողութիւններու դադրեցումն է։

Լիբանան կը պահանջէ օդային, ցամաքային եւ այլ խախտումներու ամբողջական դադրեցում՝ շեշտելով, որ բանակը չի կրնար բնականոն ձեւով տարածուիլ եւ քաղաքային կեանքը չի կրնար վերականգնուիլ շարունակական սպառնալիքի տակ։ Իսրայէլ, սակայն, կը շարունակէ պնդել, որ պիտի պահէ «ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը», այնքան ատեն որ զինեալ վտանգ մը գոյութիւն ունի։

Այս տարակարծութիւնը բառերու շուրջ չէ։ «Ինքնապաշտպանութեան իրաւունք» արտայայտութիւնը գործնականին մէջ կրնայ վերածուիլ ամէն պահու Լիբանանի տարբեր շրջանները (յատկապէս Հարաւի մասին է խօսքը) հարուածելու ազատութեան։ Իսկ Լիբանանի համար նման իրաւունքի անորոշ ձեւակերպումը կրնայ ամբողջ համաձայնութիւնը դատարկել իր բովանդակութենէն։

Ուրեմն՝ ի՞նչ տուաւ Հռոմը։

Հռոմը նախ տուաւ գործադրութեան առաջին քարտէսը։ Ան ցոյց տուաւ, որ համաձայնութիւնը այլեւս միայն դիւանագիտական լուսանկար մը չէ։ Կան ընտրուելիք բնակավայրեր, ստեղծուելիք յանձնախումբեր, սահմանուելիք պարտականութիւններ եւ գետնի վրայ քննուելիք քայլեր։

Երկրորդ՝ Հռոմը կողմերուն միջեւ ստեղծեց համեմատաբար նուազ լարուած եւ աւելի գործնական բանակցային միջավայր մը։ Հանդիպումներուն ընթացքին եղած են սուր վիճաբանութիւններ, սակայն անոնք չեն կասեցուցած երկխօսութիւնը։ Աւելին՝ կողմերը ընդունած են շարունակել աշխատանքը, ինչ որ ինքնին կարեւոր է այնպիսի բանակցութեան մը համար, ուր ամէն բառ կրնայ քաղաքական կամ ռազմական պայթուցիկի վերածուիլ։

Երրորդ՝ Հռոմը բացայայտեց, որ խաղաղութեան ամբողջ ճանապարհը կախեալ պիտի ըլլայ առաջին երկու փորձնական բնակավայրերուն ճակատագրէն։ Եթէ իսրայէլեան ուժերը իրական հեռացում կատարեն, լիբանանեան բանակը արագ եւ արդիւնաւէտ տեղակայուի, բնակիչները վերադառնան եւ ռազմական բախումներ չարձանագրուին, այդ փորձը կրնայ նոր շրջաններու դուռ բանալ։

Սակայն եթէ կողմերէն մէկը ձգձգէ, նոր պայմաններ առաջադրէ կամ գետնի վրայ խախտէ համաձայնութիւնը, ամբողջ գործընթացը կրնայ կրկին վերադառնալ պատերազմի տրամաբանութեան։

Յառաջիկայ օրերուն պէտք է հետեւիլ երեք հիմնական զարգացումներու։

Առաջինը փորձնական բնակավայրերու վերջնական ընտրութիւնն է։ Անոնց աշխարհագրական դիրքը պիտի ցոյց տայ, թէ Իսրայէլ իսկապէս պատրա՞ստ է հեռացումի փորձ կատարել, թէ կը նախընտրէ սկսիլ իրեն համար նուազ վտանգաւոր եւ արդէն իսկ դատարկ շրջաններէ։

Երկրորդը ժամանակացոյցն է։ Առանց յստակ թուականներու եւ փուլերու, «շուտով» կամ «աստիճանաբար» բառերը կրնան անվերջ ձգձգումի միջոց դառնալ։

Երրորդը լիբանանեան ներքին ճակատն է։ Պետութիւնը պարտաւոր է ապացուցել, որ բանակցութիւնները չեն կատարուիր միայն արտաքին ճնշումներու տակ, այլ կը ծառայեն լիբանանեան գերիշխանութեան վերականգնումին։ Այս իմաստով բանակին ամրապնդումը, հարաւցիներու վերադարձը եւ վերաշինութեան գործընթացը պէտք է ընթանան զուգահեռ։

Հռոմի փուլը պատերազմի վերջնական աւարտին չբերաւ։ Ան նոյնիսկ ամբողջական զինադադար մը չերաշխաւորեց։ Սակայն առաջին անգամ ստեղծեց փոքր, չափելի եւ ստուգելի քայլի մը կարելիութիւնը։

Մեծ համաձայնութիւնները շատ անգամ կը ձախողին, որովհետեւ կը սկսին մեծ խոստումներով եւ կը մոռնան գետնի փոքր իրականութիւնները։ Հռոմի բանաձեւը հակառակ ճանապարհը կ՚առաջարկէ՝ սկսիլ երկու բնակավայրէ, երկու փորձէ եւ երկու բանակներու միջեւ սահմանուած շարժումէ։

Լիբանանի շահը այսօր բանակցութիւններուն յաջողութիւնն է, սակայն ոչ որեւէ գնով։ Յաջողութիւն կը նշանակէ իսրայէլեան իրական հեռացում, բանակին ամբողջական տարածում, բնակիչներու անվտանգ վերադարձ եւ պետութեան գերիշխանութեան վերականգնում։

Բանակցութիւնը, անշուշտ, դրական է։ Բայց միայն այն ատեն, երբ բանակցողը գիտէ, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ, ի՛նչ չի կրնար զիջիլ եւ ի՛նչ ժամանակացոյցով պիտի ստանայ խոստացուածը։

Հռոմը ճամբան բացաւ։ Սակայն դեռ պարզ չէ՝ այդ ճամբան իսկապէս պիտի տանի՞ դէպի Լիբանանի Հարաւի ազատագրում ու կայունութիւն, թէ դարձեալ պիտի կորսուի պայմաններու, մեկնաբանութիւններու եւ անվերջ սպասումի մառախուղին մէջ։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...