Վեց տարի անց Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտին վէրքը տակաւին չէ սպիացած։ Զոհերու ընտանիքները կը շարունակեն պահանջել ճշմարտութեան բացայայտում, պատասխանատուներու պատժում եւ արդարութեան հաստատում։
«Արեւելք»-ի հետ զրոյցին ընթացքին, լիբանանահայ համայնքային գործիչ Արփի Մինասեան կը վերյիշէ Օգոստոս 4-ի ողբերգական օրը, կը փոխանցէ զոհերու հարազատներուն ցաւն ու վճռակամութիւնը, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ այս տարուան յիշատակի ձեռնարկներու ծրագիրը։
Արփի Մինասեան նշեց, որ մինչ օրս ոչ ոք կրցած է վերջնական «լուծում» մը տալ այս ողբերգութեան։
Անոր խօսքով՝ զոհերու ընտանիքներուն վերջերս վստահեցուցած են, որ քննութեան աւարտին համար վեց ամսուան վերջնաժամկէտ սահմանուած է, եւ որ աղէտի պատասխանատուները անպայման պիտի յայտնաբերուին։
«Մենք տակաւին կը սպասենք արդիւնքի մը։ Կ’ուզենք, որ ճշմարտութիւնը ի յայտ գայ, յանցաւորները գտնուին եւ պատժուին»,– ըսաւ Մինասեան։
Ան յիշեցուց , որ 2020 թուականի Օգոստոս 4-ը երեքշաբթի օր էր, ինչպէս այս տարուան յիշատակի օրը, եւ ընդգծած, որ այդ օրուան ահաւոր տեսարաններն ու ապրումները անհնար է բառերով ամբողջովին նկարագրել։
«Ոչ ոք կրնայ երեւակայել այն, ինչ տեղի ունեցաւ։ Վայրկեաններու ընթացքին մարդիկ զոհուեցան, հազարաւորներ վիրաւորուեցան, տուներ ու շէնքեր քանդուեցան։ Շատեր կորսնցուցին իրենց սիրելիները, իսկ ոմանք իրենք զիրենք գտան բոլորովին անծանօթ վայրերու մէջ»,– պատմած է ան։
Մեր զրուցակիցին բնորոշմամբ՝ աղէտին ծաւալն ու անոր թողած հոգեկան ծանր հետեւանքները մինչեւ այսօր անջնջելի են։
«Պատերազմներ ապրած ենք եւ վարժուած՝ պայթումներու ձայներուն։ Սակայն այդ պայթումին ձայնն ու անոր յաջորդած հուժկու «փոթորիկ»ը բոլորովին տարբեր էին։ Այդ «փոթորիկ»ը ամէն ինչ կործանեց։ Մարդիկ պատուհաններէն կը դիտէին նախորդող փոքր պայթումները, իսկ յանկարծ, վայրկեաններու ընթացքին, բազմաթիւ կեանքեր մարեցան։ Շէնքերու մէջ կամ պատշգամներուն վրայ գտնուող մարդիկ ինկան, շատեր զոհուեցան։ Միայն ան, որ ապրած է այդ պահերը, կրնայ հասկնալ տեղի ունեցածին ամբողջ ծանրութիւնը»,– նշած է ան։
Ան ընդգծած է, որ լիբանանցի ժողովուրդը տակաւին կը կրէ այդ աղէտին հոգեբանական ծանրութիւնը։
«Կարելի չէ կարծել, որ ժողովուրդը մոռցած է այդ մեծ ցաւը։ Մենք չենք կրնար մոռնալ։ Պատերազմի օրերուն լսուած պայթումներու ձայները մեզի այլեւս շատ բան չէին ըսեր, սակայն 4 Օգոստոսի պայթումին ձայնն ու հուժկու ալիքը անկարելի է մոռնալ»,– ըսած է Մինասեան։
Յիշատակի օրուան ձեռնարկները
Արփի Մինասեան «Արեւելք»-ին տեղեկացուց, որ Օգոստոս 4-ին՝ առտուան ժամը 10:00-ին, զոհերու ընտանիքները պիտի հաւաքուին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ։ Ձեռնարկին պիտի մասնակցին նաեւ Լիբանանի արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսարն ու Փաստաբաններու միութեան նախկին նախագահ Իմատ Մարթինոսը, որոնք յաւուր պատշաճի խօսքեր պիտի արտասանեն։
Նաւահանգիստի թիւ 3 մուտքին առջեւ տեղադրուած յուշատախտակին վրայ արձանագրուած են պայթումին բոլոր զոհերուն անունները։ Զոհերու ընտանիքները, պետական պաշտօնատարներ, նախարարներ եւ օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցիչներ ծաղիկներ պիտի զետեղեն յուշատախտակին առջեւ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու զոհերու յիշատակին։
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ անցեալ տարուան 4 Օգոստոսին զոհերէն իւրաքանչիւրին յիշատակին ձիթենի մը տնկուած էր, իսկ իւրաքանչիւր ծառին մօտ արձանագրուած էր զոհուածին անունը։
«Ծնողները ամէն շաբաթ կ’երթան եւ կը ջրեն այդ ծառերը։ Անոնք արդէն բաւական մեծցած են, ծիլեր տուած եւ ճամբայէն տեսանելի են։ Այդ ծառերուն խնամքը դարձած է ընտանիքներուն յիշատակի եւ նուիրումի աշխատանքին մէկ մասը»,– նշած է մեր զրուցակիցը։
Օգոստոս 4-ին, կէսօրէ ետք՝ ժամը 4:00-ին, ժողովուրդը պիտի հաւաքուի տարբեր շրջաններու մէջ։ Մասնակիցներու մէկ մասը պիտի գայ քաղաքի կեդրոնէն ու հրապարակէն, իսկ միւս մասը՝ Տորայի շրջաններէն, ապա բոլորը պիտի միանան նաւահանգիստի թիւ 3 մուտքին առջեւ, ուր պիտի կայանայ յիշատակի արարողութիւնը։
Յիշատակի ձեռնարկներուն նախօրեակին՝ Երկուշաբթի, կէսօրէ ետք՝ ժամը 4:00-ին, զոհերու ընտանիքները պիտի հաւաքուին էշրաֆիէի «Կապրիէլ» պանդոկին մէջ։ Հոն ծնողներէն իւրաքանչիւրը պիտի արտայայտուի, իսկ տարբեր երկիրներու դեսպաններ եւ ներկայացուցիչներ եւս պիտի մասնակցին ու խօսք առնեն։
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ անցեալ տարի Լիբանան այցելած Հռոմի Պապը այցելած էր նաւահանգիստի պայթումին վայրը, հանդիպած զոհերու ընտանիքներու կարգ մը անդամներուն եւ հաղորդակցած անոնց հետ։
«Ան մեզի փոխանցեց, որ արդարութիւնը ի վերջոյ պիտի ի յայտ գայ»,– եզրափակեց Արփի Մինասեան։