Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ փոխադարձ հարուածները չեն դադրիր։ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութիւնը (CENTCOM) X հարթակի վրայ յայտարարած է, որ հարուածներու 11-րդ օրը դարձեալ թիրախաւորած է Իրանի ռազմական հրամանատարական կեդրոնները, ծովային կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ օդանաւերու հանկարները, անօդաչուներու պահեստները եւ ռազմական լոճիսթիք ենթակառուցուածքները։
CENTCOM-ի համաձայն՝ վերջին երեք ամիսուն ընթացքին Իրանը յարձակած է Հորմուզի նեղուցով անցնող 30-է աւելի առեւտրային նաւերու վրայ։
«Չնայած իրանական յարձակողապաշտութեան, Հորմուզի նեղուցը բաց կը մնայ առեւտրային նաւերու անցման համար»,– պնդած է հրամանատարութիւնը՝ կրկնելով յուլիս 21-ի իր յայտարարութիւնը, ըստ որուն մայիսի սկիզբէն ի վեր CENTCOM-ի ուժերը աջակցած են մօտ 900 առեւտրային նաւերու անցման եւ 450 միլիոն տակառ անմշակ նաւթի տարանցման։
Իրանական պետական լրատուամիջոցներն ալ յայտարարած են, որ մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ գործի դրուած են հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը։ Պայթումներ լսուած են տարբեր քաղաքներու մէջ, ներառեալ Թաւրիզը, Սիրիկը, Չապահարը, Քոնարաքը եւ Պուշեհրը, ուր կը գտնուի Իրանի միակ աթոմակայանը։
Իրանն ալ ի պատասխան թիրախաւորած է տարածաշրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան կառոյցները։ BBC-ի հաղորդմամբ՝ Քուէյթի բանակը յուլիս 22-ի վաղ առաւօտեան յայտնած է, որ իր հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը կ՚ոչնչացնեն Իրանէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքերը։ Պահրէյնն ու Յորդանանն ալ յայտնած են, որ ետ մղած են անօդաչու սարքերու եւ հրթիռներու յարձակումները։