image

Ռուսաց դեսպանի այցը՝ Անթիլիաս 

Ռուսաց դեսպանի այցը՝ Անթիլիաս 

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը, օրերս, այցելած է Անթիլիաս եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպում ունեցած։ Անոր ընկերակցած է Լիբանանի ու Սուրիոյ ռուս համայնքի առաջնորդ հայր Ֆիլիփի, որ ռուս եկեղեցւոյ պետ Քիրիլ պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները փոխանցած է վեհափառ հայրապետին:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ։

Երկուշաբթի, 12 մայիս 2025-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով` ընկերակցութեամբ Լիբանանի ու Սուրիոյ ռուս համայնքի առաջնորդ հայր Ֆիլիփի: Վերջինս ռուս եկեղեցւոյ պետ Քիրիլ պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց վեհափառ հայրապետին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին խօսակիցները անդրադարձան Հայաստանի, Ռուսիոյ ու Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի կացութեան, հայ եւ ռուս եկեղեցիներու փոխյարաբերութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հետ աղերս ունեցող խնդիրներու:

Յիշեալ հարցերուն շուրջ տեսակէտներու ու մտահոգութիւններու փոխանակում կատարուեցաւ յատկապէս վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ: