image

Երիտասարդ արուեստագէտ, բնիկ Մուսալերցի՝Վարդան Գապաքեանի կորուստը

   Երիտասարդ  արուեստագէտ, բնիկ Մուսալերցի՝Վարդան Գապաքեանի կորուստը

Լիբանանի Այնճար   հայաւանը սուգի մէջ է։ Անակնկալ ու խորապէս ցնցող մահը Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2026-ին, կեանքէն խլեց Այնճարի հարազատ զաւակներէն մէկը՝ տաղանդաւոր քանդակագործ եւ արուեստագէտ Վարդան Գապաքեանը։

Վարդան Գապաքեանի անակնկալ մահը մեծ վիշտ պատճառած է ոչ միայն իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ բարեկամներուն, այլեւ ամբողջ Այնճար հայաւանին, ուր ան ճանչցուած էր իբրեւ սիրուած, յարգուած եւ համեստ անձնաւորութիւն մը։

Վարդան Գապաքեան իր ամբողջ կեանքով ու ստեղծագործական գործունէութեամբ կապուած մնաց  իր հարազատ ծննդավայրին՝ Այնճարին։ Ան այն արուեստագէտներէն էր, որոնք իրենց ներաշխարհը կը վերածեն ստեղծագործութեան՝ գաղափարներուն, զգացումներուն եւ մարդկային արժէքներուն ձեւ ու կերպար տալով։ Իր քանդակներով ան պրոնզն ու այլ նիւթեր կը վերածէր արտայայտիչ գործերու, որոնք կը կրէին խոր իմաստ, բնաւորութիւն եւ հոգի։

Անոր արուեստին յատկանիշներն էին նրբազգացութիւնը, համաչափութեան զգացումը եւ քանդակագործութեան լեզուին խոր ըմբռնումը։ Այնճարի «Art Gallery»-ի մէջ ներկայացուած անոր «Արդարութիւն» գործը կը մնայ անոր գեղարուեստական մտածողութեան գեղեցիկ վկայութիւնը՝ մարմնաւորելով հաւասարակշռութիւն, արժանապատուութիւն եւ արուեստի մնայուն ուժը։

«Արեւելք»-ի տեղեկութիւններով՝ Վարդան Գապաքեան օրերս սրտի կաթուած  անցուցած  է Այնճարի մէջ տեղի ունեցած աւանդական հարսանեկան արարողութեան (հինումի արարողութեան ՝ «Ղընայ»ի  արարողութեան  մը  ընթացքին)։ Ճիշդ է, որ Վարդան երիտասարդ տարիքէն ունեցած էր սրտանօթային խնդիրներ, սակայն ան կը շարունակէր բնականոն կերպով ապրիլ իր առօրեան եւ ամբողջ եռանդով նուիրուիլ իր ստեղծագործական աշխատանքին։

Անոր մահը ծանր հարուած մըն է նաեւ Այնճարի արուեստի կեանքին։ Այնճարը տխուր է, իսկ «Art Gallery»-ն՝ որբացած իր տաղանդաւոր արուեստագէտներէն մէկէն։ 

Ապահով ենք, Վարդան Գապաքեանի կերտած քանդակները պիտի շարունակեն խօսիլ իր փոխարէն՝ վկայելով անոր մաքուր հոգիին, գեղարուեստական զգայնութեան եւ ստեղծագործելու մեծ հաւատքին մասին։

Վարդան Գապաքեանի յիշատակը պիտի մնայ ոչ միայն իր սիրելիներու սրտերուն մէջ, այլեւ այն ստեղծագործութիւններուն մէջ, որոնք պիտի շարունակեն ապրիլ ու խօսիլ գալիք սերունդներուն։

Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2026-ին, կ.ե. ժամը 2:00-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի Ազգային գերեզմանատունը։

Ցաւակցութիւնները կ'ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ։

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ։

 Մեր խոր վշտակցութիւնը՝ Գապաքեան ընտանիքին, հարազատներուն, բարեկամներուն եւ Այնճարի ամբողջ համայնքին։