Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հինգշաբթի օր յայտարարած է, որ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Գուրգէն Արսէնեանին տեղեկացուած է, որ Մոսկուան անընդունելի կը նկատէ Վլատիմիր Զելենսքիի կողմէ Ռուսիոյ հասցէին սպառնալիքներ հնչեցնելը։
«Դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարին տեղեկացուած է, որ կտրականապէս անընդունելի է Քիեւի նացիստական վարչակարգի առաջնորդ Զելենսքիի կողմէ Ռուսիոյ հասցէին ահաբեկչական սպառնալիքներ հնչեցնելը՝ Եւրոպական Միութեան կողմէ վերջերս Հայաստանի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներու ընթացքին»,- ըսուած է նախարարութեան կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին Եւրոպական Միութեան գագաթաժողովին ծիրին մէջ կը գտնուէր Հայաստանի մէջ։